2013-02-04 14:22:28

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը Ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինը


Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը ուրբաթ մէկ Փետրուարի երեկոյեան այցելեց Արամ Ա. վեհափառին: 100-ամեակի մարմինը զեկուցեց իրագործուած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:
Վեհափառը գնահատելէ ետք մարմինի տարած աշխատանքները կատարեց թելադրանքներ` սփիւռքի մէջ նպատակասլաց գործունէութեան, պահանջատիրական ոգին վառ պահելու եւ ոգեկոչականէն անդին իրաւաքաղաքական միջոցներ որդեգրելու եւ մեր պատմական բոլոր իրաւունքներու վերականգնման աշխատելու ուղղութեամբ:
Ապա, անոնց ծանօթացուց հիմնական ծրագիրները որոնք մշակուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ` Անթիլիասի Նահատակաց մատուռի վերակառուցում, «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ Ցեղասպանութեան թանգարանի հիմնում, Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնի հաստատում եւ Պիքֆայայի պատմական յուշարձանին շուրջը նահատակաց հրապարակի, ցեղասպանութեան տարբեր հանգրուանները խորհրդանշող քանդակներով յատկանշուած յուշապատի եւ մատուռի կառուցում:
Նկատի ունենալով այս ծրագիրներուն համասփիւռքեան կարեւորութիւնը` 100-ամեակի մարմինը վեհափառին առաջարկեց այս կեդրոններուն մէջ 100-ամեակի տարին կազմակերպել համապատասխան տարողութեամբ կեդրոնական ձեռնարկներ:










All the contents on this site are copyrighted ©.