2013-02-04 13:39:00

Թուրք Կիներու Ցոյցը ի Պաշտպանութիւն Հայ Կիներուն։


Պոլսոյ հայերով բնակուած Սամաթիա թաղամասին մէջ վերջին երկու ամսուան ըթնացքին տարէց հայ կանանց դէմ յարձակումներու դէմ Փետրուար 3-ին բողոքի երթ իրականացուցած են թուրք կանայք:
Պոլսոյ “Ֆեմինիստական Աշխատակազմ”-ի կոչով,Պոլսոյ Քոջամուսթաֆափաշայ Հրապարակին վրայ հաւաքուած կիները իրենց բողոքը յայտնած են հայ կիներու դէմ յարձակումներու եւ պատկան մարմիններու անգօրծութեան դէմ: Բողոքող կիները ծափերով շարժած են Դեկտեմբեր 28-ին սպաննուած Մարիցա Քիւչուքի տան մօտ` հնչեցնելով. “հայ կիները միայնակ չեն” եւ “կեցցէ կիներու համերաշխութիւնը” կարգախօսները եւ տան դիմաց ծաղիկներ ձգած են:
Նշենք, որ Դեկտեմբերէն ի վեր Պոլսոյ հայերով բնակուած Սամաթիա թաղամասին մէջ չորս յարձակումներ տեղի ունեցած են տարէց հայ կիներու դէմ:
Իսկ քրտական ՝՝Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն՝՝ կուսակցութեան համանախագահուհի Կիւլթան Քըշանաք խորհրդարանին մէջ կուսակցութեան խմբակցութեան նիստին ընթացքին պաշտպան կանգնեցաւ Սամաթիոյ մէջ յարձակումի ենթարկուած հայերու եւ կառավարութիւնն ու շրջանային ղեկավարները հրաւիրեց ժամ առաջ յանցագործները երեւան հանելու պարտականութեան: Քըշանաք շատ խիստ խօսեցաւ,հայերուն դէմ անցեալին գործադրուած սպանդները յիշեցնելով: Ան ըսաւ, որ շատ լաւ գիտենք, թէ ինչպիսի՛ աշխատանք տարուեցաւ, որպէսզի հայերը սրբուին այս երկրին աշխարհագրութենէն, թէ ինչպիսի՛ սպանդներու ենթարկուեցան անոնք, եւ թէ ասիկա մօտիկ անցեալի արիւնող վէրքն է:
Միւս կողմէ Թուրքիոյ խորհրդարանի ազգութեամբ քիւրտ անդամ Ահմեթ Թիւրք յայտարարած է, որ 1915-ին քիւրտ ժողովուրդն ալ հայերուն դէմ դաժան վարուած է, որուն համար ինք ներում կը հայցէ: Ան յայտնած է, որ 1915-ին հայերը շատ ցաւեր տեսած են: Ան յայտարարած է, որ 1915-ին քիւրտերը օգտագործուած են հայերուն, ասորիներուն եւ եզիտիներուն դէմ կոտորածներ իրագործելու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.