2013-02-03 13:13:30

Կրօնաւոր ու Կրօնաւորուհիները Իրենց Կեանքի Նուիրումով Թող Լոյս Սփռեն։


''Յատուկ խօսք մը բոլոր կրօնաւոր ու կրօնաւորուհիներուն. Թող կարենան միշտ հաւատարմութեամբ հետեւիլ Քրիստոսին, աղքատութեամբ, ողջախոհութեամբ եւ հնազանդութեամբ։'' Նուիրագործուած կեանքի համաշխարհային օրուայ առթիւ` շաբաթ 2 փետրուարին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր Թուիթթերեան ցանցէն ուղղած է վերոյիշեալ պատգամը։ Մինչ շաբաթ 2 փետրուարի յետ միջօրէին Տեառընդարաջի տօնին առթիւ Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Պենետիկտոս ԺԶրդ խօսքը կեդրոնացնելով Քրիստոսի զոհաբերումի մասին, քաջալերած է բոլոր նուիրեալ անձերը ''ներկայ ժամանակներու ուրախութեան ու տխրութեան պահերուն, երբ խաչին բեռը ծանրանայ'' , չի վհատելու ''որովհետեւ Քրիստոսի տառապանքը Զատկական յաղթանակ է առթէն։''
Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւիրեց զանոնք չի հետեւելու ձախորդ մարգարէներուն որոնք նուիրագործուած կեանքը եկեղեցւոյ մէջ վերջացած կը նկատեն'' այլ - ըսած է Սրբազան Հայրը - ''Զգեցէք Յիսուս Քրիոստոը եւ որպէս զէնք ու զրահ ունեցէք լոյսը եւ Սուրբ Պօղոսի յորդորի համաձայն - Արթուն կեցէք եւ հսկեցէք։''
Պենետիկտոս ԺԶ հուսկ իր քարոզին մէջ ակնարկեց օրուան տօնին`''Յիսուսի տաճար ներկայացումի'' իմաստի մասին։
Յայտնենք որ 1997 սկսեալ է որ Եկեղեցին 2 փետրուարը, Տեառընդարաջի տօնին օրը, նուիրած է նաեւ նուիրագործուած կեանքին։ Այդ օրը յատուկ նշանակութիւն ունի բոլոր այն անձերուն համար որոնք, ներշնջուած Քրիստոսի նուիրումէն, իրենց կարգին կը ձգտին իրենց կեանքը նուիրել ու թողելով ամէն ինչ հետեւելու Անոր։








All the contents on this site are copyrighted ©.