2013-02-03 11:42:36

Լոյս Տեսաւ “Հայ Մանկավարժ” Հանդէսի Դ. Համարը։


Ընթացիկ տարուան Յունուարին Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ “Հայ Մանկավարժ” ուսումնագիտական եւ մանկավարժական եռամսեայ հանդէսի չորրորդ համարը` հրատարակութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի “Ս. Գրիգոր Նարեկացի” կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակին:
Հանդէսի այս համարը կը պարունակէ Հայկական սփիւռքի մէջ հայերէնի ուսուցման եւ գործնական մանկավարժութեան վերաբերող հինգ տարբեր գրութիւններ` ստորագրուած նշեալ մարզերուն մէջ մասնագիտական պատրաստուածութիւն ունեցող հեղինակներու կողմէ:
Համարի խմբագրականին մէջ կը ծանուցուի, որ «Հայ մանկավարժ»ի խմբագրական կազմը համալրուած է չորս անդամներով` Երեւանի պետական համալսարանի մանկավարժութեան ամպիոնի վարիչ դոկտ. փրոֆ. Նազիկ Յարութիւնեան , Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի Պատմութեան կաճառի տնօրէն դոկտ. փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, Խաչատուր Աբովեանի անուան Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի հայոց լեզուի եւ անոր ուսուցման մեթոտիքայի ամպիոնի դասախօս
դոկտ. փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեան եւ գրաքննադատ դոկտ. Լիլիթ Արզումանեան: «Հայ մանկավարժ»ի խմբագրական կազմի այս ընդլայնումը կը նպատակադրէ հանդէսի գիտական որակի բարձրացումը, անոր աշխատակիցներու եւ բարեկամներու շրջանակի մեծացումը եւ Հայաստանի գիտական շրջանակներու հետ գործակցութեան ընդլայնումը:
Համարի առաջին գրութիւնը, որ որպէս զեկոյց ներկայացուած է 2010
թուականի Յուլիսին Ծաղկաձորի մէջ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած ՙԱրեւմտահայերէնի ուսուցման վիճակը Սփիւռքում՚ թեմայով համաժողովին, կը պատկանի Յարութիւն Քիւրքճեանի գրչին, «ՀԱՅԵՐԷՆԻ-ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՍՈՒՑՄԱՆ ԲԱՐԴ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ,
ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ
ԵՒ ԱՍՊԱՐԷԶԱՅԻՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒՄԸ` ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ» վերնագրով: Գրութեան մէջ, հայերէնի եւ հայ գրականութեան դասագիրքերու ծանօթ հեղինակ Յ. Քիւրքճեան կը շեշտէ մանաւանդ ուսուցիչներու մանկավարժական պատրաստութեան անհրաժեշտութիւնը` Հայկական սփիւռքի մէջ այլապէս բարդ մարտահրաւէրներու առաջ կանգնած հայոց լեզուի եւ հայ գրականութեան ուսուցման գործին մէջ:
Յաջորդ գրութիւնը, որ դարձեալ զեկուցում մըն է ներկայացուած վերը յիշուած համաժողովին, նուիրուած է Հայկական սփիւռքի դպրոցներուն մէջ հայերէնի ուսուցման շարունակականութեան խնդրին: «ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒՄԸ ՈՐՊԷՍ ԼԵԶՈՒԱՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ՁԵՒԱՒՈՐՄԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ԳՈՐԾՕՆ» վերնագրեալ այդ գրութեան հեղինակն է պարբերաթերթի խմբագրութեան անդամ, Խաչատուր Աբովեանի անուան Երեւանի մանկավարժական համալսարանի դասախօս դոկտ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեան:
Համարին մէջ ներկայացուած է բուժական հոգեբանութեան մասնագէտ Վերա Սիսեռեանի “ՊԱՏԻԺ ԵՒ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ” յօդուածը, նուիրուած դպրոցներու մէջ կարգապահական ծրագրերու խնդիրներուն եւ այդ ծիրին մէջ կիրարկուող մօտեցումներու վերլուծութեան:
Յաջորդ երկու յօդուածները ներածականներ են մանկավարժութեան եւ հոգեբանութեան մէջ ծանօթ երկու տեսութիւններու: Մանկավարժ Եւա Գորէսեան ներկայացուցած է ամերիկացի հոգեբան Ապրահամ Մասլոյի “Պահանջներու աստիճանակարգ”-ին եւ ուսումնագէտ Տեյվիտ Տեյլի “Փորձառութեան բուրգ»ին մասին անջատ ակնարկներ, վեր բերելով անոնց եւ մանուկներու կրթութեան գործին միջեւ հաստատուած առընչութիւնները: “Հայ Մանկավարժ”-ի չորրորդ համարը կը բաղկանայ 60 էջերէ: Հանդէսը կը հրատարակուի 800 տպաքանակով: Անոր բաժանորդագրուելու կամ աշխատակցելու համար կարելի է դիմել Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակ, հեռաձայն` 961 1 570559, հեռատիպ` 961 1 570562, ել.հասցէ`








All the contents on this site are copyrighted ©.