2013-02-02 12:01:56

Փարիզի Կաթողիկէ Հայոց Նոր Առաջնորդը՝ Արհի. Յովհաննէս Եպ. Թէյրուզեան


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունելով ՝ Փարիզի առաջնորդ արհի. Գրիգոր եպ. Ղապրոյեանի հրաժարականը, անոր տեղ նշանակեց արհի. Յովհաննէս եպ. Թէյրուզեանը, որ ցարդ՝ Պէյրութի եպիսկոպոս էր։
Արհիապատիւ Յովհաննէս Եպ. Թէյրուզեան ծնած է Հալէպ 1941-ին, Զմմառու Պատրիարքական վանք մտած 1953-ին, միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումները կատարելէ ետք անցած է Հռոմի Լեւոնեան Ք. Հայ վարժարան, նաեւ՝ յաճախելով Գրիգորեան համալսարանի իմաստասիրութեան եւ աստուածաբանական դասընթացքներուն։
24 դեկտեմբեր 1965-ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է ձեռամբ՝ երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ կաթողիկոս պատրիարքին։
Ստանձնած է զանազան պաշտօններ (ժողովրդապետական ու դաստիարկչական) ըլլայ Լիբանանի ըլլայ Սուրիոյ մէջ։
Եղած է ներքին մատակարար, վարչական եւ ընդհ. մատակարար Զմմառու Արծիւեան միաբանդութեան, միաժամանակ մեծապէս գործելով երիտասարդութեան կազմաւորումին ի խնդիր... քաջալերելով սկաուտական ու երիտասարդական շարժումները... եպիսկոպոս օծուած է 2001-ին։
Նախքան Փարիզի առաջնորդ նշանակուիլը, ան եղած է Պէյրութի օգնական եպիսկոպոս ։



Կենսագրութիւն Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանին - Փարիզի Կաթողիկէ Հայոց Եկեղեցւոյ Նոր Առաջնորդ։




Կենսագրական տեղեկութիւններ


Անուն Մականուն Յովհաննէս Թէյրուզեան
«Ժան Թէյրուզ»
Ծննդավայր եւ ծննդեան թուական Հալէպ՝ 6 մայիս 1941
Հօր անուն Եորկի Նաում Թէյրուզ
Մօր անուն Սուրայա Ապտ Ալլահ Խապպազէ


Նորընծայութենէն առաջ յաճախած դպրոցներ


Մանկապարտէզ՝ Ռաս Պէյրութի ֆրերներուն դպրոց
Հալէպի Անարատ Յղութեան քոյրերու Ս. Թերեզայի դպրոց
Նախակրթարան՝ ֆրանչիսկաններուն «Սանթա» դպրոց
Պալեան վարդապետին դպրոց
Յոյներուն դպրոց
Մարեմեան ֆրերներուն դպրոց
Դ. դասարանին, Յոյն Վարդապետի մը, Հայր Եուսէֆ Ժամալին, օրինակին եւ քաջալերութեամբ, դիմեցի Զմմառու Արծիւեան Միաբանութեան միաբան անդամ ըլլալու համար։ Յատուկ վկայականներ չունէի։ Բարի վարդապետը շատ պնդեց որ Հայ Ազգին ծառայեմ։ Յետագային իմացայ թէ անոր մայրը հայ էր։


Մուտք Փոքր Նորընծայարան


Շաբաթ 9 Հոկտեմբեր 1953-ին։
Մեծաւորն էր Միաբանութեան՝ Պօղոս ծ.վ. Արիս։
Նորընծայարանի վերակացուն էր՝ Գէորգ վրդ. Լայէքեան։
Նորընծայութեան կապան տրուեցաւ ինծի 19 Մարտ 1955-ին։
Ընծայարանին մէջ հետեւեցայ ներքին դասընթացքներուն մինչեւ եօթներորդ դասարանը (5Ռme), որմէ ետք յաճախեցի Մարեմեան ֆրերներուն դպրոց, Ճիւնի, ուր աւարտեցի ութերորդ (QuatriՌme) եւ տասնմէկերորդ (PremiՌre) դասարանները. եւ ստացայ բարձրագոյն դպրոցի վկայականը՝ որով արձանագրուեցայ Հռոմի «Gregoriana» համալսարանը։
Ճոքր ընծայարանի , եօթը տարիներուն ընթացքին, ունեցայ հետեւեալ վերակացուները. Գեր. Գէորգ վրդ. Լայէքեան
Գեր. Էրդուարդ վրդ. Գորդիկեան
Գեր. Օգոստինոս վրդ. Հատտատ
Գեր. Ստեփան վրդ. Թելլալեան
Գեր. Յովհաննէս վրդ. Գասպարեան
Գեր. Ռափայէլ վրդ. Պայեան «եւ մեծաւոր վանքին»
Գեր. Մեսրոպ վրդ. Թերզեան

Միաբանական խոստումս կատարեցի 15 Օգոստոս 1960-ին։


Մուտք հայ Լեւոնեան Քահանայապետական դպրոցին Մեծ նորընծայարանին 1960 Հոկտեմբերին։


Մեծաւորն էր վարժարանին՝ Գեր. Ներսէս վրդ. Սեթեան։
Յաճախեցի Գրիգորեան համալսարանը Իմաստասիրութեան եւ Աստուածաբանութեան դասընթացքներուն։

1960-1961՝ Իմաստասիրութեան Ա. Տարին։

1961-1962՝ Իմաստասիրութեան Բ. Տարին եւ ստացայ (Baccalaurռat en philosophie)

1962-1963՝ Աստուածաբանութեան Ա. Տարին

1963-1964՝ Աստուածաբանութեան Բ. Տարին եւ ստացայ (Baccalaurռat en thռologie)

1964-1965` Աստուածաբանութեան Գ. Տարին, որուն աւարտին ստացայ կիսասարկաւագութեան կարգը եւ սարկաւագութեան կարգը Աստուածածնայ տօնին, որուն նախօրեակին, կատարեցի Զմմառեան Արծիւեան Միաբանութեան ուխտերս։

1965-1966՝ Աստուածաբանութեան Դ. Տարին։ 24 Դեկտեմբեր 1965-ին Քահանայ ձեռնադրուեցայ, ձեռամբ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. կաթողիկոս պատրիարքին։ Առաջին Ս. Պատարագը մատուցի Անարատ Յղութեան քոյրերուն մօտ, Հռոմ։

1966, Յունիսին՝ Լիբանան վերադարձայ եւ անուանուեցայ Փոխ-Տնօրէն Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի դպրոցին, որուն տնօրէնն էր՝ Գեր. Պօղոս վրդ. Գուսա։

1968-ին, Փետրուար 2-ին, Պատրիարքական թեմ վերադարձայ եւ հոն ստանձնեցի ծովեզերեայ նոր հաստատուած ժողովրդապետութեան հոգ հոգւոցը։ Շրջուն ժողովրդապետութեանս շրջանին կարողացայ ծանօթանալ 260 ընտանիքի, զոր կանոնաւորապէս կ՛այցելէի եւ որոնց կիրակիները կը պատարագէի ԺԷլ Էլ Տիպի Մար Ապտա մարոնի եկեղեցւոյ մէջ։ Այս եկեղեցւոյ ժողովրդապետին հայրական կեցուածքն ու հասկացողութիւնը մեծապէս զիս քաջալերեցին այս դժուար առաքելութեանս ընթացքին։

1970, Հոկտեմբեր- 1972 Սեպտեմբեր անուանուեցայ Մեսրոպեան վարժարանին Փոխ-Տնօրէն եւ կառավարութեան պատասխանատու Պուրճ Համուտի, Այնճարի եւ Զահլէի ձրիավարժ հայ կաթողիկէ վարժարաններուն։ Տնօրէնն էր Գեր. Մեսրոպ վրդ. Ճուրեան, իսկ ժողովրդապետն էր՝ Մանուէլ վրդ. Պաթագեան։

1972 Հոկտեմբեր- 1967 Օգոստոսին՝ կը շարունակեմ պատասխանատուութիւնը Պուրճ Համուտի, Այնճարի եւ Զահլէի հայ կաթողիկէ վարժարաններուն։ Միեւնոյն ատեն կը ստանձնեմ Զմմառու վանքին ներքին մատակարարութեան պաշտօնը եւ որպէս վարչական Գեր. Եղիա վրդ. Գիրէջեանին յաջորդելով, որ մեկնեցաւ Գանատա։ Գերյ. Միքայէլ ծ.վ. Մոմճեանն էր Մեծաւորը վանքին։

1976-1977 եւ 1977-1978 Օգոստոսին՝ ներքին մատակարար եւ վարչական էի գերյ. Նշան ծ.վ. Գեհեեանին մեծաւորութեան օրով, Գեր. Կոմիտաս վրդ. Պէօճիւքեանին հրաժարականին պատճառով։

1976-1978-ին ընթացքին յաջողութեամբ ներկայացուցի Աստուածաբանութեան (Licence)ի քննութիւններս, Պէյրութի Ս. Յովսփայ համալսարանին մէջ։ Նոյն ժամանակ, նոյն համալսարանին մէջ, հետեւեցայ ընկերային ծառայութեան երկու տարուայ դասընթացքներուն եւ ունեցայ կառավարական (T.S.) վկայականը։

1978-1979-ին, նոյն համալսարանին մէջ, պատրաստեցի Ընկերային Ծառայութեան (Licence)ը եւ յաջողութեամբ աւարտեցի։

1979-1981-ին նոյն համալսարանին մէջ, պատրաստեցի Ընկերային Ծառայութեան (Maitrise)ը եւ ունեցայ վկայականս, եւ ասով եղայ առաջին (Maitrise)ով վկայեալը այս ճիւղին Լիբանանի մէջ, ասկէ առաջ այս վկայականը գոյութիւն չունէր մեր հայրենիքին մէջ։

1978-1979, 1979-1980 եւ 1980-1981՝ Պուրճ Համուտի Փոխ-Ժողովրդապետ, Գեր. Գէորգ վրդ. Թայրոյեանին հետ։

1981-1982-ին Ապրիլ ամիսը, անպաշտօն կերպով Պուրճ Համուտի ժողովրդապետութեան մէջ օգտակար եղայ սպասելով մեկնումս Վենեզուելլա։
1982ի Ապրիլէն մինչեւ Հոկտեմբեր՝ Ժողովրդապետ Վենեզուելլայի նոր ժողովրդապետութեան, արհի. Վարդան եպս. Պօղոսեանին առաջնորդութեամբ։

1982, Հոկտեմբեր- 1984, Օգոստոս՝ Զմմառեան միաբանութեան նորընծայարանին փոխ վերակացու։ Վերակացուն էր Գեր. Յովսէփ վրդ. Քէլէքեան։ Միեւնոյն ատեն, վարչական էի գերյ. Մանուէլ ծ.վ. Պաթագեանին մեծաւորութեան ընթացքին։

1984, Հոկտեմբեր- 1992 Օգոստոսին՝ Ժողովրդապետ Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ։

1992, Օգոստոս- 1998 Օգոստոսին՝ Վերակացու Ընծայարանին եւ Փոխ-Մեծաւոր Զմմառեան Արծիւեան Միաբանութեան։

1998, Օգոստոս- 2001 Յունուարին՝ Փոխ-Մեծաւոր Զմմառեան Արծիւեան Միաբանութեան եւ ընդհանուր մատակարար։


Ընկերային։


ա. 1966 Օգոստոսէն մինչեւ 1968 Փետրուար 2՝ Երիտասարդական շարժումի պատասխանատու- Հալէպ։
1968, Փետրուար 3էն- 1972 Սեպտեմբեր՝ Ս. Մեսրոպի Սկաուտական շարժումին հոգեւոր վարիչ, Գեր. Մանուէլ վրդ. Պաթագեանին Պուրճ Համուտի ժողովրդապետութեան ընթացքին։
1978- 1981՝ Հոգեւոր վարիչ Ս. Մեսրոպի Սկաուտական շարժումին, Գեր. Գէորգ վրդ. Թայրոյեանին, Պուրճ Համուտի ժողովրդապետութեան ընթացքին։
1984-1992՝ Ժողովրդապետ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ
Հոգեւոր վարիչ Պուրճ Համուտի Հ.Կ. Միութեան
Հոգեւոր վարիչ Պուրճ Համուտի Հ.Կ. Աղքատախնամին
Հոգեւոր վարիչ Ս. Փրկիչ երգչախումբին
Հոգեւոր վարիչ Բլբուլ երգչախումբին
Հոգեւոր վարիչ Ս. Փրկիչ եկեղեցական Տիկնանց Միութեան
Հոգեւոր վարիչ Հ.Կ. Միութեան Պատանեկան շարժումին
Հոգեւոր վարիչ Հ.Կ. Միութեան ֆանֆար նուագախումբին։

բ. Վարչական՝ Զմմառու վանքին կամ Նորընծայարանին։
- Վարչական ներքին մատակարար՝
1972-1976՝ Գերյ. Միքայէլ թ.վ. Մոմճեան
1976-1978՝ Գերյ. Նշան ծ.վ. Քէհէեան։

Վարչական, 1982-1984՝ Գերյ. Մանուէլ ծ.վ. Պաթագեան։




գ. Դաստիարակչական՝
Օգնական Տնօրէն՝ 1966-1968՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Դպրոց- Հալէպ, Գեր. Պօղոս վրդ. Գուսայի տնօրէնութեան օրով։

1970-1972՝ Մեսրոպեան վարժարանի՝ Գեր. Մեսրոպ վրդ. Ճուրեանին տնօրէնութեան օրով։

Ուսուցիչ Կրօնից՝ 1966-1968՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի վարժարանին մէջ, Հալէպ։
1968-1972՝ Ս. Ագնէս վարժարանին մէջ։
1968-1972՝ Մեսրոպեան վարժարանին մէջ։
1978-1981՝ Ս. Ագնէս վարժարանին մէջ։
1984-1998՝ Ս. Ագնէս եւ Մեսրոպեան վարժարաններուն մէջ։

Ընկերային Ծառայութեան դպրոցին մէջ, Ս. Յովսէփ համալսարանին մէջ, տնտեսական պատասխանատու, 1976-2001։

Մամուլ՝ Թղթակցութիւններ Մասին շաբաթաթերթին, Աւետիքի եւ Զուարթնոցին մէջ։
Թարգմանութիւն Ժան Վանիէի «Մի վախնար» Գրքին, Զմմառ՝ 1997։
Պատրաստութիւն եւ տպագրութիւն երկու գրքի.
«Իմաստութեան ճամբով», Զմմառ՝ 1998։
«Սիրոյ ճամբով», Զմմառու հիմնարկութեան 250 ամեակին (1749-1999) առիթով։












All the contents on this site are copyrighted ©.