2013-02-02 11:41:39

Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Ընդառաջ Ֆրանսայի Մէջ Նախատեսուած Են Բազմաթիւ Ձեռնարկներ


Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներուն մէջ նախատեսուած են իրականացնել բազմաթիւ ձեռնարկներ:
Այս մասին «Արմենփրես»-ին յայտնած է Ֆրանսայի մէջ հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան:

ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները վերջերս գումարած են ժողով մը, որուն ժամանակ քննարկուած են տարբեր հարցեր: Խորհուրդի համանախագահին համաձայն, ժողովի հիմնական թեմաները եղած են Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները, Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունման եւ Ազրպէյճանի իրական դէմքի բացայայտման հարցերը









All the contents on this site are copyrighted ©.