2013-02-02 11:55:52

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։


Շաբաթ 2 փետրուար 2013-ին կը նշուի Նուիրագործեալ կեանքի համաշխարհային օրը։ Առաւօտեան ժամը 11-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց` Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Մարք Ուելլէն։
Ժամը 11,45-ին Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւնը շնորհեց Իտալիոյ Էմիլիայ Րոմանիա Մարզի եօթը եպիսկոպոսներու որոնք հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Պենետիկտոս ԺԶ ապա յետ միջօրէի ժամը 05,30 Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մէջ կը գլխաւորէ Տեառընդարաջի տօնին առթիւ մատուցուած Սուրբ Պատարագը։ Անոր հետ կը համապատարագէն Կարդինալ Ժաօ Պրազ դէ Ավիզ, Նուիրագործեալ եւ առաքելական կեանքի հաստատութիւններու Ժողովի կառավարիչ` ու նոյն Ժողովի ենթաքարտուղարը։
Յայտնենք որ Էմիլիայ Րոմանիա Մարզը ունի 22,446 քմ քառակուսի տարածք եւ 4,352,794 բնակչութիւն։ Հոն կը գործեն 2,418 ժողովրդապետութիւններ ուր իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն 2962 կուսակրօն քահանաներ եւ 482 մնայուն սարկաւագներ։
Իտալիոյ Էմիլիայ Րոմանիա եկեղեցական մարզի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահն է Պոլոնիայ Թեմի Արքեպիսկոպոսը կարդինալ Գարլօ Գաֆֆարրա։








All the contents on this site are copyrighted ©.