2013-02-02 11:28:32

Պատմական Համաձայնութեան Մը Ստորագրութիւնը Վատիկանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ 14 Տարուայ Բանավէճէ Մը Ետք։


Վատիկանը եւ Իսրայէլը պատրաստ են ստորագրելու համաձայնագիր մը կաթողիկէ եկեղեցւոյ ունեցած ինչքերու Ս. Երկրին մէջ, յայտարարած է Իսրայէլի արտգործ նախարար Տանի Էյլոն։ Յայտնենք որ բանակցութիւնները սկսած էին 14 տարի առաջ 1999-ին։ 14 տարիներու բանակցութիւններու ընթացքին երկու կողմերը ստորագրած են երեք համաձայնագրերը հայող՝ կաթողիկէ եկեղեցւոյ իրաւասութեան Իսրայէլի մէջ, Վատիկանի իրաւասութիւնը Իսրայէլի 21 կայքերու, ի մասնաւորի ''Վերնատունը'', ուր Յիսուս իր վերջին ընթրիքը կատարեց իր 12 առաքեալներու հետ, Սիոնի լերան վրայ, եւ տուգանքի ու հողերու բռնագրաւումի հարցը, որ կարելի է գործադրել միմիայն երբ վտանգ մը կը ներկայանայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.