2013-02-02 11:48:24

Հայամէտ Ծերակուտականները Հայկական Հարցերու Վերաբերեալ Հարցումներ Ուղղած Է Քերրիի


Պատասխանելով Մենենտեսի` Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին հարցումին` Քերրի ըսած է. «Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին վրայ հաստատուելու պարագային, իբրեւ արտաքին գործոց նախարար, իմ պարտականութիւնս պիտի ըլլայ անաչառ կերպով ներկայացնել նախագահի եւ վարչակազմի քաղաքականութիւնը: Ինչպէս Պարաք Օպաման նշեց ապրիլքսանչորսեան իր ելոյթին մէջ, 1915-ի փաստերուն ամբողջական, անկեղծ, արդարացի ճանաչումը կը բխի մեր բոլորին շահերէն: Ան աւելցուց, որ դէպի յառաջ ընթանալը անկարելի է առանց անցեալի փաստերը հաշուի առնելու, եւ թուրք ու հայ ժողովուրդներուն կոչ ուղղեց պատմութեան հետ դէմ յանդիման գալու… Եթէ ես հաստատուիմ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին վրայ, ապա պիտի շարունակեմ մեծապէս աջակցիլ բոլոր այն ջանքերուն, որոնք ուղղուած պիտի ըլլան Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման, այդ երկիրներուն միջեւ խաղաղ, փոխշահաւէտ եւ բարգաւաճ յարաբերութիւններու հաստատման:








All the contents on this site are copyrighted ©.