2013-02-02 11:39:17

Անգարայի Մօտ Ամերիկեան Դեսպանատան Վրայ Յարձակում Մը Երկու Զոհ Կը Խլէ


ԱՆԳԱՐԱ, Ուրբաթ, Փետրուար 1ին, անձնասպանական գործողութիւն մը թիրախ դարձուցած է Անգարայի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը. իբրեւ հետեւանք՝ սպաննուած է յարձակումը իրագործած երիտասարդը, ինչպէս նաեւ դեսպանատան պահակ մը:
Վիրաւորուած են երկու այլ պահակներ, ինչպէս նաեւ կին մը, որուն վիճակը ծանր է:
Ցարդ ոչ մէկ կազմակերպութիւն ստանձնած է Ուրբաթ յետմիջօրէին տեղի ունեցած այս յարձակումին պատասխանատուութիւնը, սակայն Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Մուամմեր Կիւլեր յայտարարեց, թէ կասկածներ կան այն մասին, թէ յարձակումը շատ հաւանաբար ծայրայեղ ձախակողմեան խմբակի մը կողմէ իրագործուած ըլլայ՝ առանց այդ կասկածներուն առաջնորդող տուեալները բացայայտելու: Ամերիկեան դեսպանատունը կը գտնուի խիստ հսկողութեան տակ, այնպիսի շրջանի մը մէջ, ուր շարք մը այլ դեսպանատուներ կան: Դեսպանատան շէնքին կողքին վնասուած են նաեւ մօտակայ քանի մը այլ շէնքեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.