2013-02-02 11:34:56

2013ը՝ Հ Ա Յ Մ Օ Ր Տ Ա Ր Ի։


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, իւրաքանչիւր տարին կը նուիրէ հայ ժողովուրդին, եկեղեցւոյ ու հայրենիքին հետ անմիջական աղերս ունեցող ընդհանրական մտահոգութեան մը, երեւոյթի մը, արժէքի մը կամ դէպքի մը։
Նկատի ունենալով հայ ժողովուրդի հաւաքական կեանքէն ներս հայ մօր կեդրոնական ներկայութիւնը ու մանաւանդ անոր որոշադրիչ ու եզակի դերը, Հայրապետական Գիրով 2013 տարին հռչակեց Հ Ա Յ Մ Օ Ր Տ Ա ՐԻ։
Խօսելէ ետք՝
Մայրը աստուածաշունչի մէջ. եւ Մայրը՝ եկեղեցւոյ հայրերու ուսուցումներուն մէջ՝՝ նիւթերուն մասին այսօր կ՝անդրադառնանք թէ ինչ կ՝ըսեն Հայ եկեղեցւոյ հայրերը մօր մասին։
Հայ եկեղեցւոյ հայրերը եւս յաճախակի կերպով անդրադարձած են մօր դերին:
Ներսէս Լամբրոնացին մէջբերելով Առակաց 29.15 համարը, թէ՝ ՙգաւազանն ու յանդիմանութիւնը իմաստութիւն կու տան, բայց իր կամքին ձգուած տղան իր մայրը կ’ամչցնէ՚, կը շեշտէ, թէ մօրը կողմէ իր զաւակներուն հանդէպ ցուցաբերուած խստապահանջութիւնը զանոնք կ’առաջնորդէ պատասխանատըւութեամբ ապրելու իրենց կեանքը:
Յովհաննէս Երզնկացին կ’ընդգծէ յատկապէս մօր դաստիարակիչ դերը՝ յիշեցնելով, որ եթէ ան թերանայ իր պատասխանատուութեան մէջ, Աստուծոյ ատեանին առջեւ ի՜նք պատասխանատու պիտի ըլլայ զաւակներուն գործած չարիքներուն համար:
Բարսեղ Մաշկեւորցին վեր առնելով աղօթքի կարեւորութիւնը կը թելադրէ մայրերուն, որ աղօթել սորվեցնեն իրենց զաւակներուն:
Գրիգոր Տաթեւացին կը շեշտէ թէ հայ մայրը արժանի է բարձրագոյն աստիճանի յարգանքի ու պատիւի, որովհետեւ ան Աստուծոյ պատկերը հայ մանուկին մէջ կազմաւորելու գծով յոյժ կարեւոր պարտաւորութիւն ունի:
Յովհան Մանդակունին այնքան զօրեղ կերպով կը շեշտէ հայ մօր տիպարը, որ զայն կը նկատէ ՙմայրերու մայրը՚:
Խրիմեան Հայրիկ կը թելադրէ մայրերուն իրենց զաւակներուն սորվեցնել Աւետարանը, որպէսզի անոնք սորվին սիրել իրենց եղբայրը, իրենց ընկերը եւ իրենց նմանը:
Ընդհանրական եկեղեցւոյ ու մեր եկեղեցւոյ հայրերէն քաղուած այս փունջ մը վկայութիւններու լոյսին տակ անհրաժեշտ կը նկատենք հետեւեալ ընդգծումները կատարել.-
ա) Թէ՜ ընդհանրական եկեղեցւոյ եւ թէ հայ եկեղեցւոյ հայրերը ընդհանրապէս անդրադարձած են ընտանիքին ու զաւակներուն նկատմամբ ծնողքի ունեցած պարտաւորութեան, հայր ու մայր նկատելով որպէս մէկ ամբողջութիւն, սակայն յատուկ շեշտ դնելով մօր դերին վրայ:
բ) Հետեւելով Աստուածաշունչին, անոնք կարեւորութեամբ ընդգծած են մօր դաստիարակիչ դերը ու զինք նկատած քրիստոնէական առաքինութիւններու հարազատ արտայայտիչը ընտանեկան թէ ընկերային կեանքէն ներս՝ Աստուածածինը նկատելով բացառիկ տիպար մայրութեան:
գ) Մեր եկեղեցւոյ հայրերը հայ մայրը նկարագրած են ո՜չ միայն որպէս քրիստոնէական արժէքներու ու առաքինութիւններու ճառագայթող ներկայութիւն ընտանեկան յարկին տակ, այլ նաեւ անոր մէջ տեսած՝ ազգային կեանքէն ներս կարեւոր դերակատարութեան կոչուած անձը:








All the contents on this site are copyrighted ©.