Լատերանեան դաշինքի ստորագրութեան 84-ամեակի տօնակատարութիւններու առթիւ Սուրբ Աթոռի
մօտ Իտալիոյ դեսպանատունը համերգ մը կազմակերպած է ի պատիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին
եւ Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ճորճօ Նափոլէթանոյին։ Համերգը նախատեսուած է յառաջիկայ
4 փետրուար 2013-ի երեկոյեան ժամը 6-ին Վատիկանի Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ։ Յայտնենք
որ 1929ի փետրուար 11-ին է որ ստորագրուեցան Լատերանեան Դաշինքի համաձայնագիրը, ընդմէջ
Վատիկանի եւ Իտալիոյ Պետութեան ու այդ թուականէն է որ ծնունդ առաւ Վատիկանի Պետութիւնը։