2013-02-01 12:09:23

Սուրիա Կը Սպառնայ Պատասխանել Իսրայէլեան Յարձակումին


ՊԷՅՐՈՒԹ, ԱՄՄԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի մօտ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտըլ Քերիմ Ալի Հինգշաբթի, Յունուար 31ին յայտարարեց, թէ Սուրիոյ հողամասերուն վրայ իսրայէլեան ռազմական օդանաւերու յարձակումին Սուրիոյ պատասխանը «անակնկալ պիտի ըլլայ», մինչ Դամասկոսի իշխանութիւնները իսրայէլեան յարձակումին դէմ պաշտօնական բողոք մը ներկայացուցին ՄԱԿին:
Ըստ սուրիական բանակին՝ իսրայէլեան օդուժը հարուածած է ռազմական ուսումնասիրութեանց կեդրոն մը, սակայն արեւմտեան աղբիւրներու համաձայն՝ ռմբակոծուած է դէպի Լիբանան ճամբայ ելած փոխադրակառքերու շարասիւն մը: ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն «յոյժ մտահոգի»չ համարեց իսրայէլեան յարձակումը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ նման յարձակումներ միջազգային օրէնքներու խախտումներ են՝ աւելցնելով, որ Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ ռուսական կարգ մը նախաձեռնութիւնները Արեւմուտքին եւ մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու բուռն ընդդիմութեան կը հանդիպին:
Լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութիւնը եւս Հինգշաբթի օր խստօրէն դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ Սուրիան ռմբակոծելու արարքը:
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան յարձակումին մասին լուրի հրապարակումէն ետք, թունաւոր կազերէ պաշտպանուելու դիմակներու ապահովումը նկատառելի աճ արձանագրած է իսրայէլացիներուն մօտ:
Սէուտական «Ուաթան» թերթին համաձայն՝ «Հըզպալլա» անցեալ տարուան ընթացքին Սուրիայէն Լիբանան փոխադրած է մեծ քանակութեամբ քիմիական զէնքեր:
Քաղաքական գետնի վրայ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ «Սուրիոյ ներկայ կացութեան մէջ արտաքին ուժերու երկակի խաղը շատ վտանգաւոր է», աւելցնելով, որ «այդ խաղը միայն տագնապի ռազմականացման շարունակման, ատոր սրման, արմատական հոսանքներու, ահաբեկչութեան ու յարանուանական հողի վրայ բռնարարքներու աճի կ՛առաջնորդէ»:
Իր կարգին, Սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Մոազ Խաթիպ Չորեքշաբթի օր յայտարարեց, որ համաձայն է սուրիական վարչակարգի ներկայացուցիչներուն հետ Պոլսոյ, Գահիրէի կամ Թունուզի մէջ ուղղակի հանդիպում ունենալու՝ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու եւ Սուրիոյ մէջ փոխանցման հանգրուանը պատրաստելու համար, սակայն մարմինը անմիջապէս յայտարարեց, որ Խաթիպի յայտարարութիւնը մարմինին պաշտօնական կեցուածքը չի ներկայացներ:
Միւս կողմէ, Քուէյթի մէջ Չորեքշաբթի օր տեղի ունեցաւ Սուրիոյ նուիրատու երկիրներու ժողովը՝ մասնակցութեամբ 59 պետութիւններու, մարդասիրական 20 կազմակերպութիւններու եւ Պան Քի Մունին, սուրիացի գաղթականներու համար 1.5 միլիառ տոլար ապահովելու նպատակով: Քի Մուն յայտարարեց, որ աւելի քան 1.5 միլիառ տոլարի խոստումներ կատարուած են՝ միաժամանակ կոչ ընելով Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու:








All the contents on this site are copyrighted ©.