2013-02-01 13:35:34

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Ցաւակցական Նամակը Վէնէզուելլայի Ուրիպանա Բանտին Մէջ Բռնարարքներու Զոհերու Ընտանինքներուն։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, Պետական քարտուղար Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի ստորագրութեամբ, ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Վէնէզուէլլայի Ուրիպանա բանտին մէջ պատահած բռնարարքներու Զոհերու Ընտանինքներուն։ Ցաւակցագիրին մէջ Նորին սրբութիւնը կը յայտնէ իր մօտիկութիւնը եւ կ՝ապահովէ իր աղօթքները, հրաւիրելով երկրի իշխանութիւնները, շարունակելու՝ իրենց աշխատանքը ''յաղթահարելու համար հարցերը եւ կանխելու նման ողբերգրական իրադարձութիւններու կրկնութիւնները ապագային՝՝ ։
Իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը իր խոր ցաւը յայտնած է այս ''ողբերգրական իրադարձութիւններուն'' ի տես, որուն ընթացքին 61 բանտարկեալներ իրենց կեանքը զոհեցին եւ 120 հոգիներ վիրաւորուեցան։
Յայտնենք որ բանտին մէջ միայն 850 բանտարկեալներու տեղ կար սակայն եւ այնպէս հոն բանտարկուած էին աւելի քան 2500 հոգի։ Բախումերու պատասխանատուութիւնը վերագրուած է իշխանութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.