2013-02-01 12:28:21

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։


Ուրբաթ 1 Փետրուար 2013-ի առաւօտեան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Հաւատոյ Ժողովի Քարտւղար` գերապայծառ Լուիս ֆրնասիսքօ Լատարիա ֆէրրէր ապա ժամը 11,30-ին հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ ընդունեց` Իտալիոյ Գամբանիա Մարզի 7 եպիսկոպոսներ։

Յայտնենք որ - Ad limina apostolorum - Առ Աեամս Առաքելոցն - այեցլութիւնները կաթողիկէ եկեղեցւոյ իւրայատուկ կանոնական իրողութիւն մըն է որով աշխարհի եպիսկոպոսները ամէն հինգ տարի անգամ մը Հռոմ կը ժամանեն Սրբազան Քահանայապետին հետ հանդիպում ունենալու ու անոր ներկայացնելու տեղական իրենց եկեղեցիներու իւրայատկութիւններն ու հարցերը։
2013-ի յունուար 14-ին սկիզբ առին Իտալիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները որոնք վերջ պիտի գտնեն յառաջիկայ 23 մայիսին Սրբազան Քահանայապետի Ճառով ուղղուած բոլոր իտալիոյ եպիսկոպոսներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.