2013-02-01 12:05:29

Եգիպտացի Քաղաքագէտները Ազհարի Ժողովին Ընթացքին Կը Դատապարտեն Բռնարարքները:


Եգիպտական յառաջատար քաղաքական հատուածներէն քաղաքագէտներ երէկ հանդիպում ունեցան Եգիպտոսի մէջ իսլամական գիտութեանց կեդրոն Ազհարի մէջ` ստորագրելու համար բռնարարքները դատապարտող համաձայնութիւն մը:
Ազհարի ժողովին մասնակցեցան Իսլամ եղբայրներն ու ընդդիմադիր դէմքեր: Ազհարի մեծ իմամ շէյխ Ահմետ Թայիպի հրաւէրին ընդառաջած էին քաղաքագէտներ, ինչպէս նաեւ Եգիպտական ղպտի եկեղեցիէն ղեկավարներ հրաւիրուած էին հանդիպումին:
Ընդդիմադիր Ազգային փրկութեան ճակատի անդամ Մոհամետ Պարատէյի ժողովէն ետք յայտնեց, որ ինք «լաւատես» է: «Մեր տարակարծութիւնները ինչ որ ալ են, անոնք կրնան խաղաղ ճամբով լուծուիլ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «համաձայնութիւն մը գոյութիւն ունի, սակայն յստակ քայլեր պէտք է գործադրուին»:
Իսլամ եղբայրներու քաղաքական թեւին` Ազատութիւն եւ Արդարութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սաատ Քաթանի հանդիպումը «պատմական» նկատեց եւ երկխօսութեան շարունակման կարիքը շեշտեց:
Նշենք, որ Պարատէյիէն ձախակողմեան Համտին Սապահիէն եւ նախկին արտաքին գործոց նախարար Ամր Մուսայէն կազմուած Ազգային փրկութեան ճակատը այս շաբթուան սկիզբը մերժած էր երկխօսութիւն կատարելու Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի հրաւէրը:
Հակառակ Ազհարի հանդիպումին, ընդդիմադիր կուսակցութիւնները այսօր նախագահին դէմ ցոյցեր կը ծրագրեն:
Մինչ այդ, սալաֆական Նուր կուսակցութիւն եւ Ազգային փրկութեան ճակատը գումարած էին ժողով մը, որմէ ետք Նուր կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարը յայտարարեց, որ Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութիւնը տեղեակ պիտի պահէ ժողովի արդիւնքէն` նշելով, որ ժողովէն բխած յանձնարարութեանց շարքին է բանակին մասնակցութիւնը երկխօսութեան: «Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ այդ հանդիպումին պատճառով Նուր կուսակցութեան 150 անդամներ հրաժարած են կուսակցութենէն:
«6 ապրիլ շարժում»-ի գործավար Ահմետ Մահեր շեշտեց, որ շարժումը կը մերժէ տագնապին մէջ բանակին իբրեւ ազդու կողմ մասնակցութիւնը` նշելով, որ «պահանջեցինք թատերաբեմէն զինուորներու հեռացումը, եւ անոնց դարձեալ մասնակցութիւնը ընդունելի պիտի չըլլայ»` աւելցնելով, որ «բանակին առաքելութիւնը երկրին ապահովութեան պահպանումն է եւ ոչ թէ քաղաքական միջնորդութիւնը»:
Եգիպտական նախագահական աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ «բանակը քաղաքական տարակարծութեանց մէջ ներքաշելը աւելի վնասակար է, քան օգտակար»:








All the contents on this site are copyrighted ©.