Սուրիա-Իսրայէլ Լարուածութիւնը, Հրեայ Պետութեան Հարուածումէն ետք՝ Սուրիոյ Մէջ Զինուորական
Գիտական Ուսումնասիրութեանց Կեդրոն Մը։
Իսրայէլեան օդուժը երեքշաբթի գիշեր հարուածած է Սուրիա-Լիբանան սահմանը` առանց տեղն ու
թիրախը նշելու: Լիբանանեան ազգային լրատու գործակալութիւնը, սակայն, կը նշէր որ
Սուրիա-Լիբանան սահմանին վրայ իսրայէլեան յարձակումի մը մասին լուրը ճիշդ չէ, իսկ Իսրայէլեան
պատկերասփիւռի 2-րդ կայանը կը հաղորդէր , որ Իսրայէլը՝ իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն
արգիլած է դէպքին շուրջ որեւէ տեղեկութիւն հրապարակել: «Հաարեց» օրաթերթի կայքէջը
հաղորդեց, որ ռմբակոծումի լուրին հրապարակումէն ետք, իսրայէլացիներուն կողմէ կազերէ պաշտպանութեան
դիմակներու ապահովումը նկատառելի աճ արձանագրած է: Քիրիաթ Շմոնայի քաղաքապետը յայտնեց,
որ լարուած մթնոլորտին պատճառով սկսած են ապաստանարանները քննել: Աւելի ուշ, Փենթակոնը
յայտարարեց, որ իսրայէլեան օդուժը Սուրիոյ մէջ թիրախ մը հարուածած է: Երէկ երեկոյեան
սուրիական բանակը հաստատեց, որ իսրայէլեան օդուժը հարուածած է Ռիֆ Տիմաշքի մէջ գտնուող
զինուորական գիտական ուսումնասիրութեանց կեդրոն մը: