2013-01-31 12:29:35

Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսին Ահազանգի Կոչը Սուրիոյ Իրավիճակին մասին։


՝՝Ամէն օր կը տեղեկանանք Հաէլպի մէջ տեղի ունեցող սպանդներու մասին։ Մշտատեւ ռումբերու պայթումներ կը լսենք առանց հասկնալու թէ ուրկէ կուգան ռմբակոծումները բանակէն թէ ահաբեկիչներէն։ Տիւ եւ գիշեր կ'ապրինք լարուած, վախի ու սարսափի մէջ։ Դժուար է ապրիլ առօրեայ մը ուր տուներու մէջ կը պակսին խմուելիք ջուրն ու կազը։ Խռովայոյզ ենք ու շփոթած ՝՝ (կը յայտարաէ Հալէպի թեմի հայ կաթողիկէ Առաջնորդը Արքեպիսկոպոս Պետրոս Մրէաթեան) ֆիտես լրատու գործակալութեան հետ ունեցած իր ելոյթի ընթացքին , ընդգծելով որ ժամանակ չունին այլայլելու պատահած առօրեայ ահաւոր ու սրտաճմլիք դէպքերու ի տես ։
Սպանդը որ տեղի ունեցաւ համալսարանին մէջ եւ որուն հետեւանքով կորսնցուցինք կրօնաւորուհի Ռիմա-ն, կարծես ըլլար հեռաւոր դէպք մը , շատոնց ի վեր պատահած եղելութիւն մը ։ Գերապայծառ Պետրոս Մրէաթեանի գնահատումով անկարելի է ստուգել արիւնալի ոճիրներու պատասխանատուները եւ այդ պատճառաւ Հալէպի բնակչութեան կեանքի պայմանները մեծապէս դժուարացած են ։
Կը գտնուինք պատերազմի մը մէջ, որպէս թէ ըլլանք խաւարի մէջ, առանց հասկնալու թէ ինչ կ'անցնի ու կը դառնայ։ Մենք մեզի հարց կու տանք թէ ե՞րբ եւ թէ ի՞նչպէս վերջ պիտի գտնէ ներկայ խռովայոյզ կացութիւնը (ըսած է դեռ Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդը)։








All the contents on this site are copyrighted ©.