Եւրոպայի Եպիսկոպոսական Խորհուրդի Ու Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորուրդի Միացեալ Կոմիտէի
Հանդիպումը Վարշաւիա։''Եւրոպայի քրիստոնեայ նոր շարժումները` մարտահրաւէր կամ բարեբախտութիւն''
Յառաջիկայ փետրուար 4-6 Լեհաստանի մայրաքաղաքին մէջ տեղի կ'ունենայ Եւրոպայի եպիսկոպոսական
խորհուրդի ու եկեղեցիներու համաշխարհային խորուրդի միացեալ կոմիտէի հանդիպումը, որուն
գլխաւոր նիւթը պիտի հանդիսանայ` ''հաւատք եւ կրօնասիրութիւն յեղաշրջող Եւրոպայի մէջ.Եւրոպայի
քրիստոնեայ նոր շարժումները` մարտահրաւէր կամ բարեբախտութիւն''։ Յայտնենք որ միացեալ
կոմիտէն հիմնուած է 1972-ին եւ կը նկատուի երկխօսութեան մեծագոյն ատեանը։ Սովորաբար տարին
անգամ մը ժողով կը գումարէ։ Անոր կեդրոնը կը գտնուի Վարշաւիայի լեհական գարիթասի կեդրոնին
մէջ։ Նշենք որ Եւրոպայի եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը հիմնուած է 1959-ին։
Կեդրոններ ունի Ժընեւ, Պրիւքսէլ եւ Սդրազպուրկ։ Անոր մաս կը կազմեն 120 եկեղեցական հասարակութիւններ`
օրթոտոքս, բողոքական եւ անկլիգան եկեղեցիներէն, ներառեալ 40 եկեղեցական ընկերակցութիւններ։
Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի նախագահն է կարդինալ Բիդեր Էրտօ։ Անիկա կը ներփակէ
Եւրոպայի 33 եպիսկոպոսական դասերու նախագահները։ Անոր աթոռը կը գտնուի Զուիցերիոյ Սան
Կալ քաղաքին մէջ։