2013-01-30 13:16:28

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։
''Հաւատամք ի մի Աստուած, Հայր Ամենակալ''։


Չորեքշաբթի 30 յունուար 2013-ի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ. անուան Սրահին մէջ, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց հոն համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն։
Անոնց արտասանած իր ճառին մէջ, շարունակելով ''Հաւատամքի'' մասին իր խորհրդածութիւնները, Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացուց հետեւեալ հատուածին վրայ ''Հաւատամք ի մի Աստուած, Հայր Ամենակալ, Արարիչ երկինքի եւ երկրի''։

Աւետարանները - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - յատուկ կերպով մեզի ցոյց կու տան Աստուծոյ դիմագիծը որպէս Հայր մը որ կը սիրէ մինչեւ իր իսկ որդին զոհաբերելով մարդկութեան փրկութեան համար։

Յիսուսը ճանչնալով մենք կը ճանչնանք նաեւ Հայրը։ Զայն տեսնելով մենք կարող ենք տեսնել Հայրը որովհետեւ Յիսուս Հօր մէջն է եւ Հայրը Իր մէջ։
Աստուծոյ հանդէպ հաւատքը կը պահանջէ, Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեան տակ հաւատք, Անոր որդւոյն Յիսուսի։ Հօր Աստուծոյ իսկական դիմագիծը կը յայտնուի յստակօրէն Զատկուայ խորհուրդին մէջ։ Փառաւոր խաչին վրայ, Աստուած կը յայտնուի լիութեամբ որպէս ''Ամենազօր Հայր''։ Անոր ամենազօրութիւնը կը յայտնուի համբերատար սիրոյ մէջ, ողորմութեան, ներումի, գթութեան եւ սրտի ապաշխարութեան հետեւողական կոչին մէջ։
Ահա Աստուծոյ ճշմարիտ եւ կատարեալ զօրութիւնը. Պատասխանել չարին` բարիքով, նախատինքներուն` ներումով, կոտորիչ ատելութեան` սիրով։
Երբ կ՛ըսենք. ''Կը հաւատամ հօր Աստուծոյ, Հայր ամենակալ'' կը յայտնենք մեր հաւատքը Աստուծոյ սիրոյ զօրութեան մէջ որ իր մահացած ու յարութեան առած որդւոյն միջոցաւ, յաղթեց ատելութիւնը, չարն ու մեղքը եւ մեզի բացաւ յաւիտենական կեանքի ճանապարհը, յատկացուած այն զաւակներուն որոնք կը փափաքին ըլլալ միշտ ''Հօր տան մէջ''։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր -ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը խօսքը եզրափակելով - Տիրոջմէ հայցենք որ նեցուկ կանգնի մեր հաւատքին եւ մեզի ներշնջէ ուժ` հռչակելու համար խաչեալ եւ Յարուցեալ Քրիստոսը ու վկայելու անոր մասին սիրելով զԱստուած եւ մերձաւորը։ Թող Աստուած մեզի շնորհէ որդեգրութեան պարգեւը որպէսզի լիութեամբ ապրինք հաւատամքի իրողութիւնը, վստահութեամբ յանձնուելով Հօր սիրոյն ու Անոր ամենազօր փրկարար ողորմութեան։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկայ հաւատացեալները ու ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն ականրկելով Սուրբ Յովհաննէս Պոսքոյին` վաղը նշուելիք տօնին։
Սիրելի երիտասարդներ, նայեցէք Անոր (Ս. Յովհաննէս Պոսքոյին) որպէս կեանքի իսկական դաստիարակ։ Դուք սիրելի հիւանդներ. անոր հոգեւոր փորձառութենէն սորվեցէք խաչեալ Քրիստոսին վստահիլ կեանքի ամէն պահերուն եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ անոր բարեխօսութիւնը հայցեցէք յանձնառումով ապրելու համար ձեր ամուսնական կեանքի կոչումը։

Ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Հայրը բոլոր ներկաներուն ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.