2013-01-30 12:54:51

Ներսէս Պետրոս ԺԹ.րդ Կաթողիկոս Պատրիարքի Հայրապետական Պատգամը Քահանայապետական Շքանշանի Տուուչութեան Առթիւ( Պէյրութ) ։


Արհիապատիւ Գերապայծառ Տիարք
Յարգոյ ներկայացուցիչ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան
Գերյարգելի, Գերապատիւ, Արժանապատիւ հայրեր եւ Յարգոյապատիւ Սարկաւագներ
Առաքինափայլ Քոյրեր
Լիբանանեան եւ ազգային անձնաւորութիւններ, եւ յատուկէն՝ մամլոյ ներկայացուցիչներ
Պատուարժան Նաճարեան ընտանիքի հարազատներ եւ պատուական հիւրեր,
Սրտի մեծ գոհունակութեամբ եւ հայրական զգացումներով կ'ողջունենք ձեզ բոլորդ, որ խնդութեամբ եկած էք շնորհաւորելու Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ արժանաւոր զաւակ՝ Տիար Սարգիս Անմահունի Նաճարեանի մեծարումը, Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետի քահանայապետական կարգի շքանշանով, շնորհուած Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ:
Մեր խօսքը յատուկէն ձեզի է Մեծայարգ Տիար Սարգիս Նաճարեան: Տիա՛ր Նաճարեան, ձեր մեծարումը Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետի կարգով, բոլորս կը մղէ սեւեռելու մեր աչքերը այն արժէքներուն վրայ, որոնց դուք ծառայեցիք եւ անընդհատ կերպով կը շարունակէք ծառայել: Յատկապէս գնահատելի է ձեր նուիրումի ոգին, որ կ'արտացոլայ ձեր ընձեռած բազմաթիւ եւ այլազան աշխատանքներուն ընդմէջէն:
Դո՛ւք, պարոն Սարգիս, քրիստոնէական եւ ազգային արժէքներով զրահուած, հաւատարիմ մտաւորականը եղած էք նախանձախնդրութեամբ արժեւորելով եւ պաշտպանելով հայ մշակոյթն ու հայ միտքը, թէ՛ լիբանանահայ իրականութեան մէջ եւ թէ՛ Մայր Հայրենիք, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի զանազան գաղութներուն մօտ:
Հոս արժանի է անդրադառնալ ձեր տարիներու կազմաւորման մասին, որ ձեզ հասցուցին այս մակարդակին՝ որպէս գնահատուած լրագրող, հրապարակագիր եւ հասարակական գործիչ, նախ՝ ձեր հօրենական տան եւ ապա՛ ձեր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ծոցին մէջ:
Կարելի չէ նաեւ չյիշել, որ դուք ձեր հոգեմտաւոր պաշարը զարգացուցած էք առաջնորդութեամբ ականաւոր հայ անձնաւորութիւններու, նախ՝ ձեր հայրենասէր հօր, ապա հրապարակագիր եւ պատմաբան՝ Վազգէն Այգունիի, քրիստոնէականի դաստիարակ՝ Մեսրոպ եպս. Թերզեանի եւ Վարդան եպս. Թէքէեանի, թարգմանիչ՝ Սահակ վարդապետ Քէշիշեանի, առանց մոռնալու գրականագէտ, բանաստեղծ եւ խմբագիր՝ Հրաչ Քաջարենցի եւ վերջապէս՝ ծիսագէտ, բանասէր եւ հրապարակագիր՝ հայր Անդրանիկ ծայրագոյն վարդապետ Կռանեանի:
Վերոյիշեալ հայրենասիրական բարեմասնութիւնները նկատի ունենալով է, որ Մենք ձեզ պարգեւատրեցինք Պատրիարքական Սուրբ Մեսրոպի շքանշանով, 16 Յուլիս 2004-ին, կենդանի օրինակ հանդիսանալու համար նորահաս սերունդներուն: Ձեր գրական երկար ուղեւորութեան ընթացքին, դուք արժանացաք նաեւ ուրիշ բազմաթիւ պատուանշաններու:
Նորին Սրբութիւն Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը, գիտակցելով ձեր եկեղեցասէր ու ազգանուէր արժանիքներուն եւ ձեր անձնուիրումի ոգիին՝ հանդէպ Հայ ազգին եւ ձեր համայնքին, ձեզ կը պարգեւատրէ Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետի Քահանայապետական Կարգով, որ Սուրբ Աթոռի հնագոյն Կարգերէն մին է: Այս կարգը հաստատուած է 1 Սեպտեմբեր 1831ին, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մեծ բարերար՝ երջանկայիշատակ Գրիգոր ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ:
Թո՛ղ ձեր բարի օրինակը պատճառ դառնայ արժանաւոր նորանոր անձնուէր հոգիներ յարուցանելու ի խնդիր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ Ազգին ծառայութեան:
Այս բերկրալի առիթով, սրտանց մեր շնորհաւորութիւնները կը յայտնենք ձեզի, Շքանշանակիր Տիար Սարգիս Նաճարեան, հայցելով ձեր անձին, ձեր ազնուափայլ կողակիցին, ինչպէս նաեւ ձեր ընտանիքին բոլոր անդամներուն վրայ աստուածային լիառատ օրհնութիւնները:

Ներսէս Պետրոս ԺԹ
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ








All the contents on this site are copyrighted ©.