2013-01-30 12:25:39

Միջազգային Զարհուրանք Ի Տես Տմարդի Բռնութեանց Սուրիոյ Մէջ։ Երէկ Աւելի Քան 160 Զոհեր,Ընդ որս 80 Երիտասարդներու Դիակները Հալէպի Շրջակայքը։ Դամասկոսի Մէջ Առեւանգուած Հայ Երիտասարդը Ազատ Արձակուած։


Սպիտակ Տան բանբեր Ճէյ Քառնի «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասսատի հեռացման» վրայ պնդելով ըսած է որ «անոր օրերը հաշուըւած են, եւ թէ պատմութեան մէջ իբրեւ ձեռքերը արիւնով ներկուած բռնատէր մը պիտի արձանագրուի»:
Իսկ Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռոպըրթ Ֆորտ իր կարգին «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած որ Վարչակարգը սուրիական հողամասերուն իր վերահսկողութիւնը կը կորսնցնէ:
Մինչ այդ, ՄԱԿ-ը յայտարարեց, որ սուրիացի գաղթականներու թիւը շրջանցած է 700 հազարը: Ըստ ՄԱԿ-ի տուեալներուն, Լիբանանի մէջ ապաստանած սուրիացիներուն թիւը աւելի քան 226 հազար է, Յորդանանի մէջ` 219 հազար, Թուրքիոյ մէջ` 165 հազար, Իրաքի մէջ` 77,500, իսկ Եգիպտոսի մէջ` 14 հազար:
Գալով Հայ երիտասարդին, Դամասկոսի մէջ օրեր առաջ առեւանգուած Նազարէթ Չարքեան ազատ արձակուած է: Այս մասին Armenpress-ին տեղեկացուցած է Դամասկոսի մէջ բնակող հայրենակից Նազարէթ Էլմաջեանն` աւելցնելով, որ Չարքեանն ազատ արձակուծ է փրկագին վճարելէ ետք: Մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ իրավիճակը ընդհանուր առմամբ հանգիստ է, բախումները կը շարունակուին մօտակայ գիւղերուն մէջ: Սուրիական ՍԱՆԱ գործակալութիւնը կը տեղեկացն է, որ Տարիաայի մօտակայքը ոչնչացուցած են, կառավարական ուժերը զինեալներուն պատկանող մեքենաներ, որոնք կ’օգտագործուէին զէնքեր տեղափոխելու համար: Տումա գիւղի ագարակներու մէջ տեղի ունեցած բախումներուն ժամանակ մեծ թիւով զինեալներ սպաննուած եւ վիրաւորուած են եւ առգրաւուած անոնց զէնքերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.