2013-01-30 14:46:08

Զուիցերիոյ Գարիթասը Լիբանան Ապաստանած Աւելի Քան 10.500 Սուրիացի Գաղթականներուն Օգնութեան Հասած է։


Լիբանանի Գարիթասի նախագահ` հայր Սիմէոն ֆատուլի յայտարարութեամբ ''Սուրիոյ ընդհարումէն ասդին Լիբանանի Գարիթասը Զուիցերիոյ Գարիթասի սատարումով կարողացած է օգնութեան հասնիլ աւելի քան 10.500 սուրիացի գաղթականներուն''։
Ներկայիս Լիբանան ապաստան գտած են աւելի քան 221 հազար սուրիացիներ առանց հաշուելու 20 հազար արտահան պաղեստինցիները ։








All the contents on this site are copyrighted ©.