2013-01-30 14:48:29

Գուպայի Կառավարութիւնը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կը Վերադարձնէ Բռնագրաուած Ինչքերը` Գովելի Նախաձեռնութիւն Մը։


Գուպայի Հարաւ-արեւելքի Կրանմա գաւառի իշխանութիւնները կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերադարձուցած են երկու դպրոցներ եւ շերտ մը հող։Կաթողիկէ եկեղեցին գոհունակութեամբ ընդունած է վճիռը։
Այս կարգադրութիւնը կը համապատասխանէ նախագահ Ռաուլ Գասդրոյի նոր քաղաքականութեան, որ կը մտի կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերադարձնել 1961ի յեղափոխական վարչաձեւին ընթացքին կատարուած ինչքերու բռնագրաւումի կառոյցները։ Նշենք, որ այդ թուականին պետութեան անցան 339 դպրոցներ, երեք համալսարաններ, կարգ մը եկեղեցիներ ու մատուռներ։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին անցեալ մարտ 2012-ին կատարած այցելութիւնը Գուպայ` առիթ եղաւ Վատիկանի ու Գուպայի միջեւ կապերո սերտացման։








All the contents on this site are copyrighted ©.