2013-01-29 11:44:17

Բողոքականութեան Վերանորոգումի 5-րդ Դարադարձին Առթիւ, Կաթողիկէներն ու Լիւտերականները Միացեալ Վաւերաթուղթ Մը Կը Հրապարակեն ։


Ի պատրաստութիւն բողոքական վերանորոգմի 5-րդ դարադարձին (1517) կաթողիկէներն ու լիւտերենականնները մօտ ապագային մէջ միացեալ վաւերաթուղթ մը պիտի հրապարակեն ''ընդհարումէն հաղորդութիւն'' վերտարութեամբ, կը հաղորդագրէ քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդը։
Վաւերաթուղթը պատմականը կ'ընէ կաթողիկէ եւ բողոքական եկեղեցիներու ընդհարումին եւ ապա կ'ընդգծէ վերջին 50 տարիներուն արձանագրած համամիութեան երկխօսութեան յաջողութիւնները։
Անցեալ 17 յունուարին Պենետիկտպս ԺԶ Քահանայապետը ֆինլանտացի լիւտերական մէկ պատուիրակութիւնը ընդունելով հաստատած է որ երկու դաւանանքերու հաւատացեալները կանչուած են միասնաբար յառաջանալու աստուածապաշտութեան մէջ միշտ հաւատարիմ մնալով Աստուծոյ կամքին։
Նշենք որ կարդինալ Քոխ` քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահի գնահատումով համամիութենական շարժումի շնորհիւ եկեղեցիները իրարու շատ մօտեցած են ու կաթողիկէ եկեղեցին կը պատրաստուի մեծ շուքով վերակոչելու Վատիկանենան Բ տիեզերական ժողովի ''համամիութեան վաւերաթուղթ''ի հրատարակման 50-րդ տարեդարձը յառաջիկայ 2015-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.