2013-01-29 15:22:50

Աղօթէ Եւ Գործէ


Օր մը, երբ մեթրոյէն կ'ելլէի, մեծ ծանուցում մը ուշադրութիւնս գրաւեց. ,Պայքարեցէ՛ք Կիրակի օրը աշխատելու դէմե : Վերջերս, Ֆրանսայի ծերակոյտը ընդունեց կիրակի օրը աշխատելու օրէնքը՝ արտօնելով վաճառականական գործերը եւ այսպիսով խնդրելով պաշտօնեաներէն իրենց տուները թողուլ եւ երթալ աշխատիլ :
Կարելի է խորհիլ Կիրակի օրուան իմաստին մասին որպէս ,Տիրոջ օրե քրիստոնեաներուս համար եւ հետեւաբար, աղօթքին եւ աղօթելու նշանակութեան մասին : Արդեօ՞ք կիրակնօրեայ գործը պիտի փոխարինէ Կիրակի օրուայ աղօթքը:
Պատասխան մը ունենալու համար, հարկ է վերադաոնալ Հին Կտակարանին եւ մեր քրիստոնէական պատմութեան :
Երբ մենք մեզ կը հարցնենք թէ ինչո՞ւ կ’աշխատինք, բազմաթիւ պատասխաններ կը յայտնուին մեր առջեւ : Նախ եւ առաջ, կ’աշխատինք ապրելու եւ սնանելու համար, զարգանալու համար, ճանչցուելու համար ընկերային կեանքին մէջ, եւ վերջապէս կը նկատենք գործը իբրեւ պարտականութիւն եւ պաշտօն : Բոլոր մարդկութեան պատմութեան ընթացքին, գործը կարեւոր մաս կազմած է մարդուն եւ կնոջ կոչումին, ,մարդը կ’ապրի պարտէզին մէջ՝ զայն մշակելու եւ պահելու համարե (Ծնն 2, 15) : Գործը միշտ ներկայ իրականութիւն մըն է Հին Կտակարանին մէջ, սքանչելի իրականութիւն մը, որովհետեւ ան կարեւոր ինչք մըն է տրուած Աստուծմէ մարդուն՝ իր լաւութեան համար, որովհետեւ Ան վստահութիւն ունի մարդուն աշխատելու կարողութեան վրայ : Առ ի հետեւանք, մարդը կը մասնակցի Ստեղծագործութեան վսեմ ասպարէզին եւ զայն կ’ամբողջացնէ :
ճոն Բուսկին կ’ըսէր. ,Աշխատելու ծայրագոյն վարձատրութիւնը այն չէ թէ ինչ որ կը շահինք, այլ ինչ կ’ըլանքե : Իսկ եթէ պէտք է աշխատիլ ամէն օր, նոյնիսկ կիրակի օրը, ուրեմն մենք մեզի պարտական ենք հարցնելու թէ ո՞ւր է աղօթքին տեղը մեր կեանքէն ներս եւ ինչո՞ւ կ՚աղօթենք : Աղօթքը ժամանակ մըն է երբ մարդը կը հաղորդակցի Աստուծոյ հետ : Արդ, Ան ներկայ է մարդուն սրտին մէջ եւ կեդրոնանալու ենք Զինք գտնելու համար : Աղօթքը մեզ կու տայ բարեկեցութիւնը, շնորհք մը՝ մեր կատարելիք գործերուն մէջ եւ ըլլալու հաղորդական հանդէպ բոլոր անոնց որ մեր շուրջը կ’ապրին : Մեզ կ’արտօնէ կապ պահելու Աստուծոյ հետ եւ մեր բոլոր գործունէութիւններուն կ’ապահովէ լիուլի յաջողութիւն :
Եկեղեցին կը պատուիրէ մեզի ժամանակ մը տրամադրելու աղօթքի եւ արդէն նշանաւոր սուրբերը եղած են միշտ մեծ աղօթողներ : Աղօթել, կը նշանակէ Ասուծոյ հետ խօսիլ, զինք բարեբանելու եւ պանծացնելու, Իրեն փառք տալու եւ Իրմէ խնդրելու շնորհքները որոնց կարիքը ունինք, ինչպէս կ’ըսէր Սուրբ Օգոստինոսը : Աղօթել, կը նշանակէ արժեւորել Աստուծոյ հայեացքը մեր վրայ :
Աստուած աշխարհը ստեղծեց վեց օրէն եւ եօթներորդ օրը հանգչեցաւ : Եկեղեցին ալ կը պատուիրէ բոլորին կիրակի օրը աղօթել եւ հանգիստի տրամադրել. Յովհաննէս-Պօղոս Բ. քահանայապետը իր առաքելական թուղթին մէջ մեզ կը յիշեցնէ կիրակի օրուան սրբութիւնը :

Երբ մեր արդի ընկերութեան մէջ արժանիքները հոմանիշ են շահի, մրցակցութեան եւ շահաւետութեան, եւ երբ այս բոլորը կը ստանանք աւելի եւս աշխատելով, կը մտածենք թէ Աստուծոյ եւ աղօթքի տեղ չկայ : Արդե՞օք Հին Կտատականին ոսկիէ յորդը դարձեալ պիտի պաշտենք... : Յուսանք թէ ո՛չ...
Որպէս եզրակացութիւն, մէջբերենք Յովհաննէս-Պօղոս Բ. քահանայապետի հետեւեալ խօսքերը ,Տիրոջ Օրըե, առաքելական թուղթէն. ,Յիսուսի տրամադրուած ժամանակը կորսուած ժամանակ չէ, այլ շահի ժամանակ մը մեր յ արաբերութիւններուն խորունկ մարդկայնութեանե :
Տիրոջ օրը այն կարեւոր օրն է մարդուն եւ Աստուծոյ միջեւ յարաբերութիւներուն համար, երբ մարդը իր Տիրոջ երգեր կը բարձրացնէ, կը ներկայացնէ ամբողջ իր ամբողջ մարդկութեան :
Տիրոջ օրուան ներկայութիւնը մեզ կը յիշեցնէ թէ տիեզերքն ու պատմութիւնը Աստուծոյ կը պատկանին, եւ թէ մարդը չի կրնար նուիրագործուիլ իր արարչական ասպարէզին մէջ աոանց վերյ իշելու այս իրականութիւնը :
Գէորգ Վ. Ասատարեան








All the contents on this site are copyrighted ©.