2013-01-28 13:15:09

Պրազիլի Մէջ Գիշերային Զբօսավայրի Մը Մէջ Ծագած Հրդեհի Պատճառով 232 Զոհեր Արձանագրուեցան։


Հարաւային Պրազիլի մէջ գիշերային զբօսավայրի մը մէջ տեղի ունեցած հրդեհին պատճառով 232 զոհեր արձանագրուեցան,120 այրեր,112կիներ : Հրդեհը ծագեցաւ, երբ Ռիօ Կրանտէ տօ Սուլի Սանթա Մարիա քաղաքին մէջ «Քիս » անունով գիշերային զբօսավայրի նուագախումբը հրավառութիւն կատարեց:
Հրդեհին պատճառով խուճապ ստեղծուեցաւ: Բազմաթիւ զոհեր թունաւոր ծուխեր շնչելով կամ ոտնակոխ ըլլալով մահացան: Երկրին նախագահ Տիլմա Ռուսեֆ Չիլի կատարած իր այցելութիւնը կրճատելով վերադարձաւ Պրազիլ:








All the contents on this site are copyrighted ©.