2013-01-28 13:10:29

Հայոց Բանակը 21 Տարեկան։ Յունուար 28ը Ոչ-Աշխատանքային Օր Հայաստանի Մէջ։


Հայոց Բանակի 21-ամեակին առիթով, ինչպէս ամէն տարի, Հայաստանի մէջ կը կատարուին տարբեր տօնակատարութիւններ։
Յունուար 28-ին ՀՀ ՊՆ ղեկավարութիւնը, ՀՀ ԶՈՒ բարձրագոյն սպայակազմն ու ազատամարտիկները այցելեցին “Եռաբլուր” զինուորական Պանթէոն: Միշտ այսօր կը կազմակերպուի ՀՀ Զինուած Ուժերու կազմաւորման 21-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական համերգ` “Արամ Խաչատրեան” համերգասրահէն ներս:
Սուրբ Պատարագ Հայոց Բանակի Օրուայ Առիթով։
Յունուար 27-ին՝` Բանակի Օրուայ առիթով, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ , Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ, աւանդոյթի համաձայն, կատարուեցաւ Սուրբ Պատարագ։ Պատարագիչն էր Հայոց բանակի հոգեւոր առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանը։
Սրբազան արարողութեան ներկայ էին Հայ Եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդներ, Մայր Աթոռի Միաբաններ, ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Սեյրան Օհանեանը, եւ ՀՀ բանակի բարձրագոյն սպայական կազմի անդամներ։
Սուրբ Պատարագի ընթացքին Վրթանէս Սրբազանը քարոզեց անդրադառնալով հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս հայոց բանակի կարեւոր դերին ու նշանակութեանը, Հայոց երիտասարդ եւ յաղթական բանակի 21-րդ տարեդարձին ։ Վրթանէս Սրբազան մասնաւորապէս ըսաւ ՝՝ Յորդորում ենք հայոց զինուած ուժերի իւրաքանչիւր գիտակից ծառայակցի, որպէսզի լցուած միաբանութեան ոգով, շարունակի իր արդար ու յաղթական երթը, քանզի հայոց բանակը այն կարեւորագոյն հիմնաքարն է, որի վրայ պիտի խոյանայ մեր ժողովրդի միասնութեան սրբազան տաճարը։
Սուրբ Պատարագի աւարտին Մայր Տաճարի Իջման Խորանի առջեւ, հանդիսապետութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, կատարուեցաւ Հանրապետական Մաղթանքի արարողութիւն՝` ի շինութիւն եւ ի պայծառութիւն Հայաստան Աշխարհի ու Հայոց Բանակի։








All the contents on this site are copyrighted ©.