2013-01-27 12:28:34

Քաղտէացի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսը Հռոմի մէջ։


Կարդինալ Էմմանուէլ Գ Տէլլի` Քաղտէացի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարքին` անցեալ 19 դեկտեմբերին ներկայացուցած հրաժարականի հետեւանքով, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը 28 յունուարին Հռոմ հրաւիրած է Քաղտէացի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները իրենց սիւնհոդոսական նիստի գումարելու համար որուն ընթացքին պիտի ընտրուի Քաղտէացի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Նոր Պատրիարքը։ Սիւնհոդոսական նիստերը պիտի նախագահէ Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին։








All the contents on this site are copyrighted ©.