2013-01-27 12:28:28

Ս. Աթոռի Կազմակերպութեամբ Միջեկեղեցական Ծիսակատարութիւն Մը։


''Կրօներու Պատասխանատուները խաղաղութեան դատը կը պաշտպանեն''

Ժընեւի համամիութենական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական ծիսակատարութիւն մը կազմակերպութեամբ Ս. Աթոռի։ Աղօթքին մասնակցեցան Զուիցերիոյ կրօնական պատասխանատուներ։ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը` վերապատուելի Օլավ Թեվիտ իր արտասանած խօսքին մէջ ընդգծեց խաղաղութեան ու փոխադարձ յարգանքի կարեւորութիւնը։ Միասնաբար աղօթելով կը գիտակցինք որ Տէրը կեանքը կը պարգեւէ համայն արարչագործութեան եւ արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը գործադրելով բոլորին համար իր կամքը կատարած կ'ըլլանք։ Աստուծոյ մէջ մենք կը կազմենք մարդկային մէկ ընտանիք, ինչպէս կը մատնանշէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը խաղաղութեան համաշխարհային օրուան իր պատգամին մէջ։
Ասիկա կը նշանակէ խաղաղութեան, արժանաւորութեան ու արդարութեան մարդուն ձգտումը բոլորին համար է եւ վերապահուած չէ միայն կարգ մը անհատներու։ Ծիսակատարութեան մասնակցեցան Զուիցերիոյ հրեայ, քրիստոնեայ, մահմետական եւ պուտտայական կրօներու պատասխանատուները։ Ծիսակատարութիւնը գլխաւորեց արքեպիսկոպոս Սիլվանօ Թոմազի Ս. Աթոռի մնայուն ներկայացուցիչը ՄԱԿի Ժընեւի աթոռին մօտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.