2013-01-27 12:27:57

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։


Կիրակի 27 յունուար 2013 կէսօրին` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը` Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ, որոնց շարքին կային նաեւ մեծ թիւով` Հռոմի Թեմի ''Azione Cattolica'' կաթողիկէ բանւորական միջազգային շարժումի երիտասարդ երիտասարդուհիներ, Հռոմի տեղապահ Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Վալլինիի առաջնորդութեամբ։

Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքէն առաջ Սրբազան Քահանայապետը իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումներուն վրայ քաղուած Ղուկասի աւետարանէն (գլ. 4, 14-21) ''Յիսուս Նազարէթ եկաւ...շաբաթ օրը մտաւ ժողովարան եւ ոտքի ելաւ ընթերցում ընելու։ Տուին իրեն Եսայի մարագարէին գիրքը, բացաւ ու գտաւ այն տեղը ուր գրուած էր Տիրոջ Հոգին վրաս է որովհետեւ օծեց զիս եւ ղրկեց` քարոզելու Աւետարանը աղքատներուն...։Երբ ընթերցումը վերջացուց Յիսուս ըսաւ. Այսօր, այս գրուածքը զոր դուք լսեցիք իրականացաւ''։

Սիրելի բարեկամներ ըսաւ Սրբազան Հայրը այս հատուածը մեզ կը հրաւիրէ հարց տալու թէ ո՞րքանով մենք կարող ենք ''ունկնդրել''։ Աստուծոյ հետ ու Անոր մասին խօսելէ առաջ հարկ է ունկնդրել Զինք։ ''Այսօր'' բարին իմաստը զոր Յիսուս կը գործածէ ''Փրկարար այսօրն'' է։ Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզ օգնէ որպէսզի կարենանք, մեր կեանքի ամէն օրերուն, ճանչնալ ու ընկալել Աստուծոյ ներկայութիւնը որ է մեր ու համայն մարդկութեան Փրկիչը։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ու անդրադարձաւ այսօր յիշատակուող բորոտախտէ տառապողներուն համաշխարհային 60րդ օրուան, ու նշեց նաեւ յիշատակութիւնը ''Սուրբ Երկրի խաղաղութեան ի նպաստ բարեխօսութեան համաշխարհային օրուան'' հրաւիրելով հաւատացեալները աղօթելու այս դիտմամբ։

Սրբազան Քահանայապետը ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած ''Azione Cattolica'' երիտասարդական բանւորական շարժումի անդամներուն որոնք` ինչպէս ամէն տարի, խաղաղութեան նուիրուած Յունուար ամսուայ վերջը, ''խաղաղութեան կարաւան'' ձեռնարկի միջոցաւ կ՛եզրափակեն ամիսը։

Այս առթիւ ''Azione Cattolica''ի երկու պատանիներ մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Հօր գրասենեակի պատուհանէն ազատ արձակեցին խաղաղութիւնը խորհրդանշող երկու սպիտակ աղաւնիներ։ Աւանդութիւն մը որ սկիզբ առած էր երջանկայիշատաթ ՅՊԲ օրով 1985ին։

Աղաւնիներու թռիչքէն ետք Նորին Սրբութիւնը մաղթանք յայտնեց որ Աստուծոյ Հոգին խաղաղութիւն պարգեւէ բոլոր անոնց որ իր Սէրը կ՛ընկալեն ու բարի կիրակի մաղթելով բոլորին տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.