2013-01-27 10:56:00

Բորոտախտի 60-րդ Համաշխարհային Օրը։


Ամէն տարի միջազգային հասարակութիւնը յունուար ամսոյն վերջին կիրակին կը վերակոչէ բորոտի հիւանդութիւնը, որ հակառակ կատարուած յառաջդիմութիւններուն տակաւին կարելի չէ եղած արմատախիլ ընել։
Բորոտութիւնը ոչ միայն կը հարուածէ մարմինը այլ եւ հիւանդին հոգեբանութիւնն ու բարոյականը, կղզիացնելով զայն իր պարագաներէն։
Այս հիւանդութիւնը մասնաւորապէս տարածուած է Պրազիլի ու հնդկաստանի մէջ եւ Ափրիկէի ու Ասիայի այն վայրերուն մէջ ուր բուժարաններու ու դեղերու պակասը կայ։
Բորոտութենէ տառապող հիւանդներու թիւը կը գերազանցէ 6 միլիոնը։ ՄԱԿը անցեալ նոյեմբեր 2010-ին հրապարակեց ուղեցոյց մը պաշտպանը հանդիսանալու բորոտահարներու ու անոնց պարագաներուն։ Վաւերաթուղթ մը որ կը հրաւիրէ հաստատութիւններն ու քաղաքացիական իշխանութիւնները թիկունք կանգնելու հիւանդներուն։ Ընկերային հասարակութիւնը շահագրգռելու համար Իտալիոյ մէջ ստեղծուած է ընկերակցութիւն մը ''Ռաուլ ֆոլերոյի բարեկամները'' անունով, որ այս տարի Իտալիոյ հրապարակներու մէջ մեղր կը բաշխէ ֆինանսաւորելու համար հիւանդներու խնամատարութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.