2013-01-26 12:38:34

Քահանայապետական Բարձրագոյն Ատեանի Դատական Տարուայ Բացում։


Շաբաթ 26 Յունուար 2012-ի առաւօտեան ժամը 11-ին Սրբազան Հայրը իր գրասենաեկի մէջ ընդունեց Կարդինալ Մարք Ուելլէն` Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը ու ապա ժամը 11,45-ին ընդունեց գերապայծառ Բիօ Վիթօ Փիներ Քահանայապետական Բարձրագոյն Ատեանի երէցը եւ Ատեանի ունկնդրող Դասի Եկեղեցական բարձրաստիճան անդամները։
Ժամը 12,00 Գլեմենթինա Սրահին մէջ, Քահանայապետական բարձրագողն ատեանի Դատական տարւոյն բացման առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց ատեանի անդամները ու անոնց ուղղեց ճառ մը որուն մէջ, Հաւատոյ Տարուայ առթիւ, ընդգծեց Հաւատոյ եւ Սուրբ Պսակի խորհուրդի միջեւ կայացած կապի մի քանի երեւոյթները աստուածաբանական եւ մշակութային գետնի վրայ։
Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ ակնարկեց նաեւ ամուսնութեան անքակտելիութեան մասին ու Հաւատքի կարեւորութեան ամուսնութեան իսկական բարիքին իրականացումին գծով որ հիմնուած է միշտ` միւսին բարիքին փնտռտուքի մէջ։
Սրբազան հայրը խօսքը եզրափակեց հայցելով Աստուծոյ օգնութիւնը բոլոր անոնց համար որ եկեղեցւոյ մէջ կ՛աշխատին ս. Պսակի խորհուրդին վերաբերող ճշմարտութեան եւ արդարութեան պահպանումին որ է նաեւ քրիստոնեայ ընտանիքին պահպանումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.