2013-01-26 13:36:02

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի «Եկեղեցւոյ Միութեան Շաբթուան» Արարողութիւններուն


Միջեկեղեցական շարժումին նախաձեռնութեամբ` երկար տարիներէ ի վեր յունուար ամսուան վերջին շաբաթը նուիրուած է եկեղեցւոյ միութեան: Այս շաբթուան ընթացքին աշխարհի բոլոր կողմերը տեղի կ՛ունենան յատուկ արարողութիւններ, դասախօսութիւններ եւ զանազան ձեռնարկներ, որոնց ընթացքին կարեւորութեամբ կը շեշտուի եկեղեցւոյ միութեան հրամայականը:
Լիբանանի մէջ «Եկեղեցւոյ միութեան շաբթուան» բացումը կատարուեցաւ կիրակի, 20 յունուար 2013-ին, Պէյրութի ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած եկեղեցական արարողութեամբ: Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վեհափառ հայրապետը:
«Եկեղեցւոյ միութեան շաբթուան» նուիրուած ձեռնարկներուն փակումը տեղի պիտի ունենայ Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ` կիրակի, 27 յունուար 2013-ի երեկոյեան ժամը 6-ին տեղի ունենալիք եկեղեցական յատուկ արարողութեամբ:









All the contents on this site are copyrighted ©.