2013-01-26 12:36:39

Համամիութենական Աղօթք Հռոմի Սուրբ Պօղոսի Անուան Պազիլիքայի Մէջ:


Ուրբաթ 25 Յունուարի յետ միջօրէի ժամը 5,30-ին, Սուրբ Պօղոսի դարձի տօնին օրը, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի Սուրբ Պօղոսի անուան Պազիլիքայի մէջ, Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբթուայ աւարտին, գլխաւորեց ժամասացութեան համամիութենական արարողութիւն մը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Քրիստոնեայ քոյր Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ որոնցմէ նշենք Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան ներկայացուցիչ` Մետրոպոլիթ Կէննատիոս եւ Վերապատուելի Րիչարտսոն` Գանթէրպուրրիի առաջնորդութեան ներակայցուցիչը Հռոմի մէջ։
Քոյր եկեղեցիներու շարքին ներկայ էին նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ` Անթիլիասի եւ Էջմիածնի կաթողիկոսական աթոռները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը ։

Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբթուայ 2013-ի նիւթն է ''Այն ինչ որ Տէրը կը պահանջէ մեզմէ ''։ Այս առթիւ իր արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ ''միութիւնը Աստուծոյ պարգեւ մըն է որ որոշիչ երեւոյթներու կը կարօտի հիշողութիւններն ու յարաբերութիւնները բուժելու համար։ Քանի - հաստատեց Նորին Սրբութիւնը - քրիստոնեաներու բաժանումը ''գայթակղութիւն'' մըն է - աւելցնելով - ''Դէպի ամբողջական միութիւն մեր ուղեւորութեան ընթացքին հարկաւոր է Քրիստոսի աշակերտնետու միջեւ համագործակցութիւնը, ժամանակակից աշխարհին փոխանցելու համար Հաւատքը ։

Սրբազան Հայրը իը ճառին մէջ ակնարկեց Հնդկաստանի քրիստոնեաներուն իրավիճակին որ ''կանչուած են դժուար պայմաններու մէջ վկայելու իրենց հաւատքը։''

''Աստուծոյ հետ խոնարհաբար ընթանալը'' կը նշանակէ քալել հաւատքի արմատականութեան մէջ, Աբրահամի նման, վստահելով Աստուծոյ, ու անոր վրայ դնելով մեր յոյսը ու ձգտումները։ Կը նշանակէ նաեւ քալել արգելքներէ անդին, ատելութենէ, ցեղապաշտութենէ եւ ընկերային ու կրօնական խտրականութիւններէ անդին, որոնք համայն ընկերութեան վնաս կը հասնցնեն։

Հարկաւոր է ըմբռնել թէ ''Ճշմարտութեան ու սիրոյ մէջ մեր միութեան փնտռտուքը'' Սուրբ Հոգւոյ գործն ու պարգեւն է։ Արդ հոգեւոր միութիւնը ու մանաւանդ աղօթքը` համամիութեան սիրտը կը կազմեն։ Ինչպէս կը հաստատէ Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովը ''չիկայ իսկական համամիութիւն առանց ապաշխարանքի''։
Խօսքը եզրափակելով` Սրբազան Հայրը հայցեց Սուրբ Կողս Մարիամի բարեխօսութիւնը որպէսզի համայն եկեղեցին անկեղծութեամբ, ժամանակակից աշխարհին, հռչակէ Քրիստոս` Փրկիչը։








All the contents on this site are copyrighted ©.