2013-01-26 12:46:19

Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքին Կոչը Վերջ Դնելու Սուրիոյ Բռնութիւններուն։


''Հարկաւոր է դադրեցնել անմեղներու սպանդը։''

Երուսաղէմի լատիններու պատրիարք` գերերջանիկ ֆուատ Թուալ, զօրակցութեան կոչ ուղղած է ի խնդիր տառապող Սուրիոյ։
Ան` յանուն Ս. Երկրի եպիսկոպոսներուն, խնդրած է վերջ դնել անպաշտպան քաղաքացիներու ջարդին ու վերջ բոլոր բռնութիւններուն։ Պատրիարքը հրաւիրած է երկու կողմերը քաջութիւնը ունենալու կլոր սեղանի շուրջ նստելու ու միասնաբարւ բանակցելու։
''Գիտակից ենք, կը կարդանք Երուսաղէմի Պատրիարքի կոչին մէջ, որ Սուրիան ու անոր բնակիչները ողբերգական ժամանակ մը կ'ապրին։ Կացութիւնը երկար տեւեց, մենք զմեզ խոնարհած կը զգանք մեր անկարողութեան պատճառաւ։''
Պատրիարքը իր աղօթքը կը բարձրացնէ առ Աստուած որպէսզի իր ողորմութեամբ լիացնէ Սուրիոյ բնակիչները ու արագցնէ խաղաղութեան հաստատումը։

Նշենք` այս օրերուն ընդդիմադիր խումբերը բռնագրաուած են ու թալանած կրօնական վայրեր քանդելով երկու եկեղեցիներ ու շիիթներու պատկան մզկիթ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.