2013-01-26 12:47:57

Եգիպտոսի Յեղափոխութեան 2-րդ Տարեդարձը Նշուեցաւ Ցոյցերով Եւ Բախումներով։ Առնուազն 8 Մեռեալներ եւ Աւելի Քան 200 Վիրաւորեալներ։


Եգիպտական ընդդիմութեան բազմահազար համակիրները երէկ հաւաքուեցան Գահիրէի կեդրոնը` նշելու համար նախկին նախագահ Հիւսնի Միւպարաքը տապալած յեղափոխութեան 2-րդ տարեդարձը: Նախքան հաւաքը, արդէն իսկ ոստիկանութիւնը Գահիրէի Թահրիր հրապարակին վրայ բախում ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի հակառակորդներուն հետ: Վերջիններս կը պնդեն, որ Մուրսի յեղափոխութեան դաւաճանած է:
Ցուցարարները ներխուժեցին Գահիրէի մէջ ամերիկեան դեսպանատան կառատուն, եւ ոստիկանութիւնը զանոնք ցրուելու համար օգտագործեց արցունքաբեր կազեր: Բախումներ տեղի ունեցան նաեւ ներքին գործոց նախարարութեան շէնքին մօտ: Աղեքսանդրիոյ մէջ բախումներ տեղի ունեցան նահանգապետարանի եւ քրէական դատարանի շէնքերուն մօտ: Աղեքսանդրիոյ մէջ տասնեակներով վիրաւորներ արձանագրուեցան:
Թահրիր հրապարակէն քայլարշաւ մը ընթացաւ դէպի Մասփիրօ, իսկ բանակը եգիպտական պատկերասփիւռի կայանի շէնքին բոլոր դռները փակեց: Ցուցարարները նաեւ փորձեցին Շարքիյէի մէջ նախագահ Մուրսիի բնակարանը ներխուժել, սակայն ոստիկանութիւնը արգելք հանդիսացաւ անոնց:
Եգիպտական քաղաքներուն մէջ բախումներու պատճառով արձանագրուեցան առնուազն 8զոհեր եւ աւելի քան 250 վիրաւորներ:Փորթ-Սաիտ բանտի առջեւ սպաննուած են նաեւ երկու ոստիկաններ։
Մուրսի հինգշաբթի օր Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօնին առիթով իր արտասանած ճառին մէջ եգիպտացիներուն կոչ ուղղեց յեղափոխութեան տօնը նշելու «քաղաքակիրթ եւ խաղաղ ձեւով մը, որ կը պահպանէ մեր ժողովուրդը, մեր հաստատութիւնները, մեր կեանքերը»:
Կարելի է ըսել որ ՝՝Արաբական Գարունը՝՝ կը վերսկսի երկրորդ անգամ ըլլալով։








All the contents on this site are copyrighted ©.