2013-01-26 13:31:48

Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին Շնորհաւորական Գիրը,


Ի Լուր Ամենապատիւ Տէր Նուրհան Արք. Մանուկեանին, Երուսաղէմի Պատրիարք Ընտրութեան
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ 26 Յունուարին յղած շնորհաւորագրին մէջ կը կարդանք.
Ամենապատիւ Տէր Նուրհան Արք. Մանուկեան, Նորընտիր Պատրիարք Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Առաքելական Աթոռոյն- Երուսաղէմ
Ամենապատիւ եղբայր ի Քրիստոս,
Մեծ ուրախութեամբ իմացանք Ձեր ընտրութիւնը 24 Յունուարին որպէս 97-րդ Պատրիարք Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Առաքելական Աթոռին: Այս մեծ ու պատասխանատու պաշտօնը, որ Ձեզի կը վստահուի Ձեր միաբանակից եղբայրներուն կողմէ, կը յայտնաբերէ Ձեր արժանիքներն ու կարողութիւնը վերահասու կերպով ղեկավարելու Երուսաղէմի պատկառելի եւ պատմական Աթոռը:
Մեր եւ համայն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ անունով պարտք եւ ուրախութիւն կը համարինք աղօթքով միանալու Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան Ձեր եղբայրակից անդամներուն, բարձրացնելու համար մեր աղերսները առ Տէրն Ամենակալ, հայցելով որ Ան իր հովանին անպակաս ընէ Ձեր անձին եւ առաքելութեան վրայէն, հաստատ պահէ Երուսաղէմի Աթոռն ու Միաբանութիւնը, եւ քաջութիւն ներշնչէ Ձեր հովուած հաւատացեալներուն, որպէսզի յուսահատ չհեռանան Սուրբ Տեղեաց այս օրհնեալ հողերէն, հակառակ բազմապիսի դժուարութիւններուն, որոնց ենթարկուած են շրջանային ցաւալի վերիվայրումներուն հետեւանքով:
Կը խնդրենք մեր Երուսաղէմի եւ Յորդանանի Վիճակաւոր՝ Գերապայծառ Յովսէփ Թ. Ծ. Վրդ. Քէլէկեանէն, որ մեր բարեմաղթութիւնները հաղորդէ Ձեզի, սպասելով որ բարեպատեհ առիթն ունենանք Ձեզի այցելելու եւ մեր եղբայրական ողջոյններն ու խնդակցութիւնները անձամբ Ձեզի ներկայացնելու:
Ընդունեցէք, Ամենապատիւ Տէր, մեր եղբայրական սիրոյ եւ միասնականութեան անկեղծ զգացումները:


… Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց








All the contents on this site are copyrighted ©.