2013-01-26 13:42:09

2013ը՝ Հ Ա Յ Մ Օ Ր Տ Ա Ր Ի։ (26 / 1/2013)


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, Հայրապետական Գիրով 2013 տարին հռչակեց Հ Ա Յ Մ Օ Ր Տ Ա ՐԻ։
Այսօր պիտի խօսինք ՜՜Մայրը՝ եկեղեցւոյ հայրերու ուսուցումներուն մէջ՝՝ նիւթին մասին։
Թէ՜ ընդհանրական եկեղեցւոյ եւ թէ հայ եկեղեցւոյ հայրերը յատուկ կարեւորութիւն ընծայած են մօր՝ բնականաբար միշտ Աստուածաշունչը ունենալով իրենց մեկնաբանութիւններուն ու ուսուցումներուն առանցքը եւ Սուրբ Աստուածածինը նկատելով որպէս օրինակելի մայր: Եկեղեցւոյ հայրերը մօր դերին անդրադարձած են առաւելաբար Աստուածաշնչական գրքերու իրենց մեկնաբանութեան ծիրէն ներս, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ հաստատած բարոյական, հոգեւոր ու ընկերային բնոյթ ունեցող կանոններուն մէջ:
Այս ուղղութեամբ կ’արժէ հպանցիկ կերպով յիշել կարգ մը եկեղեցական հայրեր.-
Յովհան Ոսկեբերան անդրադառնալով Եսայիի գրութեան (գլուխ 66-ի 13-րդ համարին) թէ՝ ՜՜ինչպէս մայր մը իր տղան կը հանգըստացնէ, այնպէս ալ ես ձեզ պիտի հանգստացընեմ՝՝, կ’ըսէ, թէ Աստուած գուրգուրալից մօր նման սէր, հոգածութիւն ու խաղաղութիւն կը շնորհէ իր զաւակներուն:
Ս. Օգոստինոս յիշելով Բ. Օրինաց (գլ.5, 16-րդ համարը)՝ ՙՊատուէ՜ քու հայրդ ու մայրդ, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց, որպէսզի քու օրերդ երկար ըլլան...՚ եւ Եփեսացիս (6.1-3 համարը) թէ՝ ՙՈ՜րդիներ, ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՜ք Տէրոջմով, վասն զի այդ է արժանը: Պատուէ՜ քու հայրդ ու մայրդ, որպէսզի քեզի աղէկ ըլլայ ու երկար կեանք ունենաս երկրի վրայ՚, կ’ըսէ, թէ մօր հանդէպ ցուցաբերուած յարգանքն ու պատիւը մեր առջեւ լայն կը բանան երկնային բարիքներուն դռները:
Կիւրեղ Աղեքսանդրացին մէջբերելով Ղուկաս (2.44 համարը), ուր կը յիշուի թէ Յովսէփ եւ Մարիամ ՙսկսան փնտռել Յիսուսը ազգականներու եւ ծանօթներու մօտ՚, կ’ըսէ, թէ ծնողները միշտ պէտք է փնտռեն իրենց զաւակները, որպէսզի անոնք չկորսուին մեղքի ու անօրէնութեան փոշիներուն մէջ:
Որոգինէս մէջբերելով Ղուկաս 2.27 համարը, թէ՝ ՙծնողքը մանուկ Յիսուսը տաճար բերին՚ կ’ըսէ, թէ Յովսէփն ու Մարիամը այս ընելով ծնողներուն կը սորվեցնեն իրենց զաւակները եկեղեցի բերել:








All the contents on this site are copyrighted ©.