2013-01-25 12:22:02

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Ընդունեց Միջեկեղեցական Աստուածաբանական Երկխօսութեան Միջազգային Յանձնախումբի Անդամները։


Ուրբաթ 25 Յունուար 2013-ի առաւօտեան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Ժողովուրդներու աւետարանացումի Ժողովի նախագահ Կարդինալ ֆէրնանտօ ֆիլոնին ու ապա հրաժեշտի ողջոյնի առթիւ Ռուսիոյ Դաշնակցութեան Դեսպան` Տիար Նիքոլայ Սատչիքով։
Ժամը 11,45-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը Քահանայապետներու Սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Միջեկեղեցական Աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային յանձնախումբի 30 անդամներուն որոնք այս օրերուն Հռոմի մէջ գումարած են իրենց տարեկան համաժողովը։ Յայտնենք որ սոյն յանձնախումբը կազմուած է Կաթոպիկէ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ներակայացուցիչներէն որոնք շարքին են նաեւ Հայ կաթողիկէ եւ առաքելական եկեղեցիները։

Միջեկեղեցական Աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային յանձնախումբի անդամներուն ուղղած իր Ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնեց որ Կաթողիկէ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ յարաբերութիւնները շարունակուին եղբայրական հոգիով զարգանալու որպէսզի օգնեն բոլոր Տիրոջ հետեւողներուն աճելու միութեան մէջ ու աշխարհի առջեւ վկայելու Աւետարանի փրկարար ճշմարտութիւնը։ Սրբազան Հայրը առիթէն օգտուեցաւ դարձեալ իր մօտիկութիւնը յայտնելու միջին արեւելքի քրիստոնեաներուն ու կոչ ուղղելու որպէսզի հաստատուի շինարար երկխօսութիւնը եւ հագործակցութիւնը արդար ու խաղաղ ապագայի մը համար։ Պենետիկտոս ԺԶ ապա Սուրբերու հովանիին յայնձնելով միջեկեղեցական աշխատանքները բոլորին վրայ հայցեց Սուրբ Հոգւոյն իմաստութեան, երջանկութեան եւ խաղաղութեան շնորհքներու զեղումը ։

Ուրբաթ 25 Յունուարի յետ միջօրէի ժամը 5,30-ին, Սուրբ Պօղոսի դարձի տօնին եւ Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբթուայ աւարտին, Նորին Սրբութիւնը Հռոմի Սուրբ Պօղոսի անուան Պազիլիքայի մէջ, կը գլխաւորէ ժամասացութեան համամիութենական արարողութիւն մը որուն կը մասնակցին Քրիստոնեայ քոյր Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։
Նշենք թէ Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբթուայ 2013-ի նիւթն է ''Այն ինչ որ Տէրը կը պահանջէ մեզմէ ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.