2013-01-25 10:20:04

Նուրհան Արք. Մանուկեանը Երուսաղէմի Հայոց Նոր Պատրիարք։


Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք ընտրուած է պատրիարքարանի լուսարարապետ Նուրհան արք. Մանուկեանը: Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամ Կորիւն վարդապետ Բաղդասարեան այս տեղեկութիւնը փոխանցած է «Արմէնփրէս»ին՝ աւելցնելով, որ Նուրհան արքեպիսկոպոս ստացած է 17 քուէ: Անոր մրցակիցը՝ պատրիարքի տեղապահ Արիս արք. Շիրվանեանը, ստացած է 15 քուէ, իսկ մէկ անձ ալ ձեռնպահ մնացած է:
Պատրիարքի ընտրութիւնը կատարուած է երկու հանգրուանով. Յունուար 23ին գաղտնի քուէարկութեամբ հինգ թեկնածուներ ընտրուած են, իսկ 24 Յունուարին անոնցմէ մէկը ընտրուած է՝ ձայներու մեծամասնութեամբ։ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքի ընտրութեան մասնակցելու իրաւունք ունին միայն միաբանութեան կուսակրօն անդամները՝ երեսուներեք հոգեւորական: Համաձայն Երուսաղէմի Ուխտի կանոնադրութեան (1882 թուականի), պատրիարքական թեկնածու կրնան ըլլալ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան երեսունհինգ տարին ամբողջացուցած վարդապետներն ու եպիսկոպոսները: Յունուար 25ին պատրիարքարանին մէջ պիտի գումարուի կանոնադրական բարեփոխումներու վերաբերող ժողով մը։
Երուսաղէմի պատրիարքական աթոռը թափուր մնացած էր հանգուցեալ Թորգոմ արք. Մանուկեանի (1990-2012) վախճանումէն ետք։
Նուրհան արք. Մանուկեանը (աւազանի անունով Պօղոս) ծնած է 1948ի Յուլիս 22ին, Հալէպի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Հայկազեան վարժարանին մէջ:
1961ին ընդունուած է Անթիլիասի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Զարեհեան դպրեվանք: 1966ին ընդունուած է Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց ժառանգաւորաց վարժարան, 1968 Յուլիս 27ին ձեռնադրուած է սարկաւագ, 15 Յունիս 1971ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է՝ վերակոչուելով Նուրհան աբեղայ։
1971-1972ին Ժառանգաւորաց վարժարանի փոխտեսուչն էր, 1975ին՝ նոյն վարժարանի տեսուչը: 1972-1973ին նշանակուած է Զուիցերիոյ (Ժընեւ) հայոց թեմի հոգեւոր հովիւ, 1973ին ստացած է վարդապետական աստիճան: 1974-1980ին Իսրայէլի (Հայֆա-Եաֆա) հոգեւոր հովիւն էր:
1980ին Թորգոմ արք. Մանուկեանի հրաւէրով մեկնած է Նիւ Եորք, ուսանած է եպիսկոպոսական Ընդհանուր աստուածաբանական ճեմարանին մէջ եւ աւարտած եռամեայ դասընթացը:
1994ին եղած է Հիւսթընի (Թեքսաս նահանգ) Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ:
1998ին Հայր Նուրհան ընտրուած է Երուսաղէմի Ս. Աթոռի լուսարարապետ:
1999ի Դեկտեմբերի 14ին, ձեռամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, ձեռնադրուած եւ օծուած է եպիսկոպոս:
2009 թուականին Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Թորգոմ արքեպիսկոպոս Մանուկեանը Նուրհան արքեպիսկոպոսը նշանակեց պատրիարքական փոխանորդ:








All the contents on this site are copyrighted ©.