2013-01-25 13:34:13

Հարցազրոյց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջեկեղեցական Յարաբերութիւններու Վարիչ` Նարեկ Սրբազան Ալեմեզեանի Հետ։


RealAudioMP3 Հռոմի մէջ այս օրերուն տեղի կ՛ունենայ Միջեկեղեցական Աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային յանձնախումբի տարեկան համաժողովը։ Յանձնախումբը որ կազմուած է Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ներակայացուցիչներէ իր գործընթացը սկսած է 2003-ին։ Յանձնախումբի 30 անդամները ուրբաթ 25 Յունուարի առաւօտեան առիթը ունեցան հանդիպելու Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի ու յետ միջօրէի ժամը 5,30 Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքայի մէջ կը մասնակցին Սրբազան Քահանայապետի նախագահած ժամասացութեան համամիութեանական արարողութեան։ Յայտնենք որ վերոյիշեալ յանձնախումբի անդամ են նաեւ Հայ Կաթողիկէ եւ առաքելական եկեղեցիները։ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէ` Միջեկեղեցական Յարաբերութիւններու Վարիչ` Նարեկ Սրբազան Ալեմեզեանը որ այցելեց Ռատիովատիկանը եւ որուն հետ հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցանք։








All the contents on this site are copyrighted ©.