2013-01-25 10:40:43

Հայաստան Եւրախորհուրդին Նախագահող Երկիր Պիտի Ըլլայ


Հայաստանը այս տարուան Մայիսէն պիտի ըլլայ Եւրախորհուրդին մէջ նախագահող երկիր։ 24 Յունուարին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նշած է, որ ասիկա շատ պատուաւոր, բայց եւ այնպէս պատասխանատու առաքելութիւն է: «Մենք նախապատրաստում ենք այդ ժամանակաշրջանի մեր առաջնահերթութիւնները, համապատասխան ծրագիր է մշակւում, որը կը ներկայացուի Ապրիլին», յայտնած է արտաքին գործոց նախարարը՝ աւելցնելով, որ Ապրիլին Հայաստան պիտի այցելէ Եւրախորհուրդի գլխաւոր քարտուղարը՝ ծրագիրին ծանօթանալու նպատակով:
2013ին Հայաստանը պիտի նախագահէ նաեւ Սեւծովեան տարածաշրջանային յանձնաժողովին մէջ: Էդուարդ Նալբանդեան յայտնած է, որ կը նախատեսուի, որ այս տարի Հայաստանի մէջ կայանայ «Արեւելեան գործընկերութիւն» ծրագիրին մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու եւ ԵՄ ներկայացուցիչներու հանդիպումը:
2012 թուականին Հայաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած է 4 պետութեան հետ: Արտաքին գործոց նախարարը կատարուած փոխայցելութիւնները արդիւնաւէտ նկատելով՝ մեծապէս գնահատած է ձեռք բերուած համաձայնութիւններն ու ստորագրուած հարիւր հինգ միջազգային համաձայնագիրներն ու միւս փաստաթուղթերը։







All the contents on this site are copyrighted ©.