ԱՄՆի արդարութեան գերագոյն ատեանը 1973-ին վաւերացուցած է վիժումի օրէնքը։ Այդ թուականէն
սկսեալ բազմաթիւ կազմակերպութիւններ`''կեանքի ի նպաստ'' անուան տակ յառաջ եկան պայքար
մղելու մարդկային կեանքի պաշտպանութեան համար։ Այդ կազմակերպութիւնները կը վայելեն կաթողիկէ
եկեղեցւոյ օրհնութիւնը։ 1974էն սկսեալ ամէն տարի Միացեալ Նահանգներու զանազան քաղաքներու
մէջ քայալարշաւներ կը կազմակերպուին կեանքի ի նպաստ։ Ուաշինկթոնի մէջ, այս տարի խորհրդարանին
առջեւ հսկայ քայլարշաւ մը կը նախատեսուի եւ որուն կը մասնակցին բազմաթիւ քաղաքան անձնաւորութիւններ։
Նախապէս, նախատեսուած է նաեւ երեկոյեան աղօթքի հսկում մը Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի Անարատ
Յղութեան նուիրուած ազգային պազելիքայի մէջ, նախագահութեամբ Պոսթոնի առաջնորդ կարտինալ
Օ'Մալլէյի։ Աղօթքի հսկումի աւարտին Տալլաս քաղաքի առաջնորդը` գերապայծառ ֆառել պատարագ
պիտի մատուցէ։ 26 յունուարին նոյն համաչափով քայլարշաւ մը նախատեսուած է Սան ֆրանսիսքօ
քաղաքին մէջ։