2013-01-24 11:52:09

Սերկէյ Լաւրով Ասսատի Հետ Բանակցելու Կոչ Կ՛ընէ Սուրիոյ Ընդդիմութեան.


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Չորեքշաբթի, Յունուար 23ին դարձեալ յայտարարեց, թէ Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծում մը կարելի պիտի չըլլայ գտնել, մինչեւ այն ատեն, որ սուրիական ընդդիմութիւնը կը մերժէ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ բանակցելու պայմանը,անգամ մը եւս կոչ ընելով ընդդիմութեան, որ բանակցութեան սեղան նստի նախագահին հետ:
Միւս կողմէ, սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ բանակը Հալէպի մէջ, «Ալ-Քայիտա»ի մաս կազմող «Ճապհաթ Նուսրա» զինեալ խմբաւորման վերահսկողութեան տակ գտնուող Պոսթան Փաշա եւ Քալասա թաղամասերէն ներս յառաջդիմութիւն արձանագրած է՝ մնայուն անցարգելներ հաստատելով հոն:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց առաջին փոխնախարար Անտրէ Տենիսով յայտնեց, որ Մոսկուա Սուրիայէն ռուս քաղաքացիներու զանգուածային հեռացումի ծրագիր մը չունի: Ան յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական դեսպանատունը բնականոն կերպով կը գործէ՝ աւելցնելով. «Իսկ Հալէպի հիւպատոսութիւնը ընթացող ճակատամարտերուն պատճառով փակեցինք, հակառակ անոր, որ հոն ապահովական ուղղակի սպառնալիք մը գոյութիւն չունէր»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ յայտարարեց. «Մոսկուա մօտ օրէն, սուրիական ընդդիմութեան հետ՝ ներառեալ այն կողմերուն, որոնց հետ նախապէս կապ չենք հաստատած, նոր հանդիպումներ չի բացառեր»:
Նշենք, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը յայտարարեց, որ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Յունուար 29ին Քաթար պիտի այցելէ՝ քննելու համար Սուրիոյ հարցը:








All the contents on this site are copyrighted ©.