2013-01-24 12:28:56

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Պատգամը Ընկերային Հաղորդակցութեանց Համաշխարհային 47-րդ Օրուան Առթիւ։


''Ընկերային ցանցեր` դուռ ճշմարտութեան ու հաւատքի, աւետարանութեան նոր միջավայրեր'' ։

Ընկերային Հաղորդակցութեանց Համաշխարհային 47-րդ Օրուան Առթիւ յղած իր պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը խօսի արդի ընկերային նոր հաղորդակցութեանց միջոցներու ներկայացուցած կարելիութիւններու մասին, որ կերպով մը դարձած են հանրային նոր հրապարակ մը` ''ԱԿՈՐԱ'' բաց ամէնուն, ուր ամէն անհատ կարելիութիւն ունի բաժնեկցելու գաղափարներ, տեղեկութիւններ, կարծիքներ եւ հաստատելու նոր կապեր ու կազմելու նոր հասարակութիւններ։
Երբ այդ կարելիութիւնները լաւագոյնս ու հաւասարակշռութեամբ արժէքաւորուին ու կիրարկուին մեծապէս կը սատարեն ոչ միայն շինիչ երկխօսութեան հաստատումին ու գաղափարներու փոխանակումին այլ եւ նոր բարեկամութիւններու ստեղծումին եւ համերաշխութեան հաստատումին մարդկային ցեղի անդամներուն միջեւ։
Ընկերային ցանցերու զարգացումը հետեւաբար կը պահանջէ յանձառում։ Մարդիկը կանչուած են նոր կապեր հաստատելու, նոր բարեկամութիւններ որոնելու, պատասխաններ գտնելու իրենց հարցերուն եւ աւելի լայնածաւալ դարձնելու ու խորացնելու իրենց ճանաչողութիւնը։
Հետեւաբար ընկերային նոր ցանցերը կարող են ընդառաջել մարդու սրտի մէջ հաստատուած ակնկալութիւններուն ու ձգտումներուն։
Ընկերային ցանցերու մշակոյթը այսօրուան մարդուն առջեւ կը դնէ նոր մարտահրաւէրներ ու յանձնառում, մասնաւորապէս անոնց առջեւ որոնք կ'ուզեն խօսիլ ճշմարտութեան ու արժէքներու մասին։
Նոյնպէս ընկերային նոր ցանցերը ներկայ մարդուն կ'ընծայեն առիթը աղօթքի, խորհրդածութեան ու Աստուծոյ խօսքի մեկնաբանութեան փոխանակումին ու անոր խորացումին։
Քրիստոնեան կանչուած է ընկերային ցանցերու միջոցաւ աւետարանական իր վկայութիւնը տալու, Աստուծոյ սէրը ճանչցնելու։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը կ' եզրափակէ իր աղօթքը բարձրացնելով առ Աստուած, որպէսզի Ս. Հոգին ընկերանայ ու լուսաբանէ բոլոր հաւատացեալներն ու բարի կամք ունեցող մարդիկը եւ սրտանց կու տայ իր առաքելական օրհնութիւնը որպէսզի ճշմարտապէս դառնաք վահաններն ու վկաները Աւետարանի ճշմարտութեան. Մարկոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք ''գացէք ողջ աշխարհով եւ քարոզեցէք Աւետարանը բոլոր արարածներուն''։








All the contents on this site are copyrighted ©.