2013-01-24 12:29:08

Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Համաշխարհային 47 Օրուայ Առթիւ Սրբազան Քահանայապետի Յղած Պատգամին Ներկայացումը։


Հինգշաբթի 24 յունուարին, ըստ լատինաց, Սուրբ ֆրանչէսկոս Տէ Սալէսի տօնն է` Կաթողիկէ լրատուական միջոցներու աշխարհի գործիչներու պաշտպան սուրբը։ Այս տօնին առթիւ առաւօտեան ժամը 9.30-ին Հռոմի Թրասբոնթինա-ի՝ Սուրբ Կոյս Մարիամի նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ, Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը՝ գերապայծառ Գլաուտիօ Մարիա Չելլին Սուրբ Պատարագ մատոյց մասնակցութեամբ Ռատիօ Վատիկանի երգչախումբին եւ ներկայութեամբ՝ կաթողիկէ լրատուամիջոցներու պատասխանատուներուն։

Ժամը 11.30-ին՝ Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի ՅՊԲ Քահանայապետի անուան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը՝ որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Համաշխարհային 47րդ օրուայ առթիւ յղած պատգամը, որուն խորագիրն է, ''Ընկերային ցանցեր, աւետարանութեան նոր տարածքներ''։

Մամլոյ աուլիսի ընթացքին ելոյթ ունեցան Ընկերային Հաղորդակցութեանց Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը՝ գերապայծառ Գլաուտիօ Մարիա Չելլի, եւ խորհուրդի քարտուղարը՝ գերապայծառ Փոլ Թիկէ։

Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Համաշխարհային Օրը միակ օրն է որ հաստատուած է Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի կողմէ 1963-ին եւ անոր առաջին հանգրուանը նշուած է 1966-ին։

Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Համաշխարհային 2013-ի Օրը պիտի նշուի 12 մայիս 2013-ին։

Գերապայծառ Չելլի գնահատումով ''ժամանակաշրաջնի մը մէջ ուր ''արհեստագիտութիւնը'' դարձած է մարդկային փորաձառութիւնները միաւորող մասնիկ մը խորհրդածութեան նիւթերը բազմաթիւ են։ Հարկ է հարցադրել եթէ ան ('արհեստագիտութիւնը'') կրնայ օգնել մարդիկը հաւատքով հանդիպելու Քրիստոսին։
Բաւարար չէ - կը յայտնէ գերապայծառ Զելլին - ''լեզուի'' մը համակերպիլը այլ հարկաւոր է Աւետարանը ներկայացնել որպէս յարատեւ պատասխան մը մարդկային իմաստալից ու հաւատքի հարցադրանքներուն որ ի յայտ կու գան ցանցէն ու ցանցին մէջ իրենց ճանապարհը կը գտնեն։ Այս չի նշանակեր ''Ինթէրնէթը'' գործածել որպէս աւետարանութեան միջոց այլ աւետարանել այն ըմբռնումով որ այսօրուայ մարդուն կեանքը կը յայտնուի ''թուային'' միջավայրին մէջ։ Հարկ է նկատի առնել յատկապէս ''ընկերային ցանցերու'' ժողովրդականութիւնը որ փոխյարաբերութիւններու եւ հաղորդակցութեան նոր ոճի մը յառաջացումը թոյլատրեցին։








All the contents on this site are copyrighted ©.