2013-01-23 14:26:08

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութեան Ընթացքին Կոչ Ուղղեց Ճաքադրայի Ջրհեղեղի Զոհերուն։


Զորեքշաբթի 23 յունուար 2013-ի առաւօտեան ժամը 10,30-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն։
Ունկնդրութեան ներկայ էին նաեւ Րիօ Տէ Ժանէյրօյի մէջ կայանալիք Երիտասարդութեան 2013-ի Համաշխարհային Օրուայ կազմակերպիչ կոմիտէի 35 անդամներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, Րիոյի Արքեպիսկոոս` գերապայծառ Օրանի Թէմբեսդայի գլխաւորութեամբ։
Նշենք նաեւ որ ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հնգամեայ կանոնական այցելութիւններու առթիւ, ընդունեց Իտալիոյ Գալապրիայ Մարզէն վեց եպիսկոպոսներ ։

Պօղոս Զ-ի սրահին մէջ համախմբուած հաւատացեալներուն արտասանած իր խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Հաւատոյ տարուայ առթիւ, այսօրուընէ կ՛ուզեմ ձեր հետ միասին խորհրդածել մեր հաւատքի դաւանանքի մասին` Հաւատամքը։
Հին կտակարանին մէջ Աբրահամը առաջին տիպար անձնաւորութիւնն է որուն ակնարկելով կարելի է խօսիլ հաւատքի մասին։ Ան կը հնազանդի Աստուծոյ որ իրմէ կը խնդրէ թողուլ ամէն ինչ։ Կը մեկնի խաւարին մէջ, նոր երկրի եւ նոր հայրութեան վստահելի խոստումով, հակառակ իր կնոջ ամուլ ըլլալուն։
Աբրահամ երեւոյթներէն անդին կ՛ընտրէ Աստուծոյ ծրագիրը որ օրհնութիւն մըն է։ Ասոր համար ան օրհնուած է ու հայրն է` հաւատացեալներուն, այսինքն անոնց որոնք կ՛որոշեն իրեն հետեւելու Աստուծոյ կոչին հնազանդելով։
Երբ կը հաստատենք ''կը հաւատամ Աստուծոյ'', Աբրահամի նման կ՛ըսենք ''ես Քեզի կը վստահիմ։ Ինքզինքս քեզի կը յանձնեմ Տէր''։''Կը Հաւատամ Աստուծոյ'' կը նշանակէ նաեւ իմ կեանքս վստահիլ Աստուծոյ ու թողուլ որ Անոր խօսքը առաջնորդէ քայլերս։
Սուրբ Մկրտութեամբ ընդունուած հաւատքի պարգեւով, ամբողջ էութիւնս է որ կ՛ապաշխարհէ։ Հաւատքը մեզ երկրի ուխտաւորներ կը դարձնէ, որ կը կրեն արժէքներ զոր յաճախ չեն համապատասխաներ աշխարհի արժէքներուն։
Աստուծոյ կը հաւատամ հաստատելը մեզ կը մղէ Աբրահամի նման դուրս գալու մենք մեզմէ եւ առօրեայի մէջ ներմուծելու Աստուծոյ ներկայութիւնը որ յաւիտենական կեանքի լիութեան կը մղէ։

Խորհրդածութեան աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկայ հաւատացեալները հուսկ յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակեալներուն ըսելով` ''յառաջիկայ ուրբաթ կը տօնենք Սուրբ Պօղոսի դարձը։ Սիրելի երիտասարդներ. Պօղոս առաքեալ ձեզի համար ըլլայ կեանքի ամբողջականութեան եւ հաւատքի մէջ արմատականութեան տիպար։ Սիրելի հիւանդներ ձեր տառապանքները նուիրեցէք Քրիստոսի եկեղեցւոյ միութեան ի խնդիր եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ ներշնչուեցէք առաքեալի կեանքէն ձեր ընտանեկան կեանքէն ներս ճանչնալով Աստուծոյ առաջնութիւնն ու անոր Սէրը։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը ապա կոչ մը ուղղեց Ինտոնէզիայի մայրաքաղաք Ճաքադրայի կործանիչ ջրհեղեղի զոհ բնակչութեան ի նպաստ։
''Կ՛ուզեմ իմ մօտիկութիւնս յայտնել այս բնական աղէտի բոլոր զոհերուն անոնց ապահովցնելով իմ աղօթքներս եւ քաջալերելով զօրակցութեան ձեռնարկները որպէսզի ոչ մէկը զուրկ մնայ պէտք եղած օգնութենէն։ ''








All the contents on this site are copyrighted ©.