2013-01-23 12:59:11

Իսրայէլի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Թէեւ Նեթանիահու Յաղթական՝ Բայց Ոչ-Համոզիչ ։


Իսրայէլի մէջ ընտրութիւններու անակնկալ արդիւնքեր։ Վարչապետ Նեթանիահուի կուսակցութիւնը յաղթելով հանդերձ երէկուայ Խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններուն չյաջողեցաւ ձեռք ձգել այն յաջողութիւնը որ հարցախոյզները կը նախատեսէին։ Վերլուծաբաններու նախատեսութիւնները որոնք կը համապատասխանէին Լիքուտ Կուսակցութեան ղեկավար Նեթանիահուի սպասումներուն ,չիրականացան եւ այսպէս իր կնքած ընտրական դաշինքը Ավիկտոր Լիպերմանի ՝՝Իսրայէլ-Պէյդէնու՝՝ կուսակցութեան հետ որ կը կառավարէր երկիրը խորհրդարանի իր 42 աթոռներովը,այժմ ձեռք ձգեց միայն 31 աթոռներ։
Երէկ առաւօտեան ժամը 7:00-ին ընթացք առին Իսրայէլի Խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնց մասնակցութեան համեմատութիւնը շատ բարձր եղաւ: Ընտրական պատասխանատուներ յայտնեցին, որ երեկոյեան ժամը 6:00-ին(տեղական ժամով) մասնակցութեան համեմատութիւնը արդէն 55.5 առ հարիւր էր, ինչ որ 1999-էն ի վեր ընտրութիւններուն մէջ արձանագրուած ամէնէն բարձր համեմատութիւնն է:
Ընտրական կեդրոնները փակուեցան գիշերուան ժամը 10:00-ին:
Իսրայլի ներկայ ընտրութիւններէն յաղթական դուրս կուգայ զարմանալիօրէն ՝՝Եէշ Աթիտ՝՝ կեդրոնական կուսակցութիւնը հաստատուած հազիւ տարի մը առաջ լրագրող Եաիր Լափիտ-ի կողմէ, որ ձեռք ձգեց 19 աթոռներ Իսրայէլի Խորհրդարանէն ներս։ ՝՝ Եէշ Աթիտ՝՝ կը նշանակէ ՝՝ Կայ Ապագայ մը՝՝ եւ Հրեայ երիտասարդներու մեծամասնութիւնը իր քուէները տուաւ այս նոր կուսակցութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.