2013-01-23 13:01:32

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքի Ընտրութիւնը Սկիզբ Կ՝առնէ Այսօր։


Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դահլիճին մէջ Յունուար 23-ին կը սկսի պատրիարքի ընտրութեան առաջին փուլը: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կը հաղորդէ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամ Հայր Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեան: Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքի ընտրութեան մասնկացելու իրաւունք ունին միայն միաբանութեան կուսակրօն անդամները, որոնք 33 հոգի են:
Պատրիարքի ընտրութիւնը պիտի ընթանայ երկու փուլով: Առաջին փուլով` գաղտնի քուէարկութեամբ` պիտի ընտրուի ամենաշատ ձայն հաւաքած հինգ թեկնածու: Երուսաղէմի Ուխտի կանոնադրութեան (1882թ.) համաձայն` պատրիարքի թեկնածու կրնան ըլլալ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան 35 տարին լրացած վարդապետներն ու եպիսկոպոսները:
Ընտրութեան երկրորդ փուլով պատրիարք կ’ընտրուի հինգ թեկնածուներէն մէկը` ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ` կէսէն աւելի, իսկ պատրիարքի օծման օրը կ’որոշուի ընտրութենէն ետք:
Երուսաղէմի պատրիարքի աթոռը թափուր մնացած էր լուսահոգի ամենապատիւ Տէր Թորգոմ արքեպիսկոպոս Մանուկեանի վախճանէն ետք (1990-2012):








All the contents on this site are copyrighted ©.